image

Ազգային Ժողովը ընդունեց նոր նախագիծ. Սահմանադրական Դատարանի նախագահն ու դատաւորները պիտի փոխուին

Ազգային Ժողովը ընդունեց նոր նախագիծ. Սահմանադրական Դատարանի նախագահն ու դատաւորները   պիտի փոխուին

Ազգային ժողովը առաջին ընթերցմամբ ընդունեց «Իմ քայլը» խմբակցութեան խումբ մը պատգամաւորներու կողմէ ներկայացուած Սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծը, որով կ'առաջարկուի փոխարինել Սահմանադրական դատարանի նախագահը եւ ընդհանուր տեւողութեամբ ոչ պակաս, քան 12 տարի պաշտօնավարած Սահմանադրական դատարանի անդամները (դատաւորները):

Օրէնքի նախագիծը ընդունուած է միաձայն՝ 89 «կողմ» ձայնով:

Խորհրդարանի նիստին կը մասնակցէր միայն «Իմ քայլը» խմբակցութիւնը: «Բարգաւաճ Հայաստան» եւ «Լուսաւոր Հայաստան» խմբակցութիւնները յայտարարած էին, որ պիտի չմասնակցին Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին: