image

Աւստրալական ուժեր հատած են «արտօնեալ» գիծը Աֆղանիստանի մէջ

Աւստրալական ուժեր  հատած են «արտօնեալ»  գիծը Աֆղանիստանի մէջ

«Ալ Քուտս Ալ Արապի» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր կը յայտնէ, թէ գաղտնի քննութիւններու արդիւնքով ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն համաձայն, աւստրալական բանակը Աֆղանիստանի մէջ պատերազմական յանցագործութիւններ կատարած է:

Գաղտնի քննութեան արդիւնքով մեղադրանք ուղղուած է օդային յատուկ ուժայիններու, վերնախաւային ուժերու եւ գոմանտօ ուժերու դէմ, մեղադրելով զանոնք անթուլատրելի եւ անօրինական բռնութիւններ կիրառելու մէջ:

Նշուած է նաեւ, որ որոշ զինուորներ մարդու կեանքի եւ ազատութիւններու նկատմամբ ոտնձգութիւններ կատարած են, սակայն այդ արարքները քօղարկուած են բանակի հրամանատարութեան կողմէ: