image

Աւա՜ղ Փառացս Անցաւորի. Աւետիս Ռազմիկ

Աւա՜ղ Փառացս  Անցաւորի. Աւետիս Ռազմիկ

(Մելգոնեան  Կրթական Հաստատութեան փակման  որոշման  առիթով)

Զմեզ օտարը խոցեց

Խոցեցինք մենք ալ զմեզ:

ՎԱՀԱՆ ԹԷՔԷԵԱՆ

Օրացոյցս դարձեալ կը յուշէ, թէ այսօր Մարտ 16-ն է:

Յիշողութեանս մէջ այդ թուականը թանձր սեւով երիզած եմ, որովհետեւ ան կը մնայ չսպիացող խոց մը կիպրահայութեան համար, կոտտացող վէրք մը Մելգոնեանցիներու մեծ ընտանիքի սիրտին եւ ամօթի խարան մը մեր ազգային նկարագիրին վրայ:

12 տարիներ առաջ էր, 16 Մարտ 2004-ին՝ Երեքշաբթի օր, երբ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան վերջին տնօրէնուհին յուզաթաթաւ եւ թրթռուն ձայնով հաստատութեան անձնակազմին, ուսուցչակազմին եւ աշակերտութեան կը փոխանցէր վարժարանը փակելու որոշման գոյժը:

Դաժան բօթը կայծակնահար դարձուց բոլորը. չէ՞ որ սորված էինք ու սորվեցուցած, որ հայը կրթասէր է, Մաշտոցի կտակին կառչած, դպրոցաշէն եւ ուսումնատենչ. չէ՞ որ համոզուած էինք եւ համոզած, որ սփիւռքահայութեան գոյատեւման երաշխիքը հայկական վարժարանն է, հայապահպանման գրաւականը՝ կրթական ենթակառոյցը. չէ՞ որ տիւ ու գիշեր շեշտած էինք հայկական դպրոցին կարեւորութեան վրայ եւ մեղադրած օտար վարժարաններու ապաւինած հայ ծնողները. չէ՞ որ յաչս օտարին հայ մարդը կը սիրէ գիրն ու դպրութիւնը եւ մեծաշռինդ կարգախօսներ կ'արձակէինք գիրերու գիւտն ու Թարգմանչացը փառաբանող. չէ՞ որ Կիպրոսի հնագոյն ու պատմական կառոյցներէն էր Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւնը հայ համայնքին պատիւն ու հեղինակութիւնը բարձրացնող. չէ՞ որ վարժարանը մարդուժի պատրաստութեան առանցքային կառոյցն է եւ անկէ շրջանաւարտներ՝ մէյ մէկ զինուոր հայկական գաղութները աւիւնող. չէ՞ որ հայկական դպրոցին առաքելութիւնը անփոխարինելի է եւ Մելգոնեանը արժանացած զոյգ վեհափառներուն օրհնաբաշխ կոնդակներուն եւ գովաբանական խօսքերուն. չէ՞ որ հայրենի թէ սփիւռքահայ եւ նոյնիսկ օտար բազմաթիւ պետական, մտաւորական, քաղաքական, մշակութային, հասարակական դէմքեր ու գործիչներ ուխտագնացութեան նման կ'այցելէին Նիկոսիոյ մուտքին վեր խոյացող վեհանիստ այդ երկու շինութիւններուն:

Այդ պահուն, աննկարագրելի յուզմունք մը փոթորկեց Լուսոյ Տաճարին շրջափակէն ներս. շշմած ուսուցիչներու կողքին՝ արտասուալիր ականողիքով սաներ զայրոյթի եւ հիասթափութեան խառն զգացումներ կ'ապրէին: Հայաստանի օրհներգը հնչեց՝ եղերերգի նման. ՀԲԸՄ-ի եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան քայլերգները սգերգներու հանգոյն: Դժուար էր զսպել խել մը կրակուբոց աշակերտներու ցասումը՝ որոշման հեղինակներուն եւ անոնց կամակատարներու հասցէին: Ազգակործան սամումը այս անգամ կու գար ԱՄՆ-ի մէջ ծուարած եւ ազգին ղեկին յաւակնած անարժաններէ: Ափ ի բերան զարմացած էին օտարներ, կիպրացի պետական դէմքեր եւ յոյն քաղաքացիներ՝ հարցադրելով՝ թէ արդեօ՞ք այդպիսի վաստակաշատ եւ հեղինակաւոր վարժարան մը կը փակուի՝ գրչի անսիրտ շարժումով մը: Ի՞նչ ալ ըլլար պատրուակը, կարելի՞ էր հնաւանդ եւ մարդակերտիչ այդ հնոցը փոշիացնել, հանգեցնել կանթեղ մը՝ որ միայն յոյս եւ լոյս բաշխեց որբերու, աշխարհացրիւ հայ պատանիներու, ուսման կարօտ հայորդիներու, ուծացման եզրին կանգնած օտարախօսներու եւ հայութեամբ պանծացող սերունդներու:

Տարբեր էր այդ առաւօտ: Սեւ ու կապարածանր պատանք մը պարուրած էր հոգիներուն շուրջ Մելգոնեանցիներուն. արտասուք կը թորէր անոնց աչքերէն: Կը խորտակուէր հայակերտիչ նաւ մը՝ համբակ նաւաստիներո՞ւ ձեռամբ, թէ՞ նոր Կրասոսներու մոլուցքով. կ'անգիտանամ արդարեւ:

12 տարիներ ետք, անգամ մը եւս մտամոլոր կը պտըտիմ անոր ցանկապատէն ներս: Մատենադարանին մղտագոյն ապակիներէն ներս՝ փոշեծածկ մատեաններն են՝ օրէցօր խունացող էջերով: Անդին՝ քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեանի ստեղծագործած կիսանդրիները՝ Մեսրոպ Մաշտոցի, Կոմիտասի, Յակոբ Մեղապարտի, Զօրավար Անդրանիկի, Մովսէս Խորենացիի, Յովհաննէս Այվազովսքիի, որոնք սկսած են ծածկուիլ երկնուղէշ սէզերով: Բակը՝ մոլախինդներու շուրջ ազատօրէն ժուռ կու գան մողէզները սանձարձակ: Մղկտումով կը նայիմ այն լսարանը՝ ուր հայոց պատմութիւն կը լսէին 13 տարիներ առաջ՝ Մեծն Տիգրանի ստեղծած Հայաստանի քարտէզով եւ Զօրավար Անդրանիկի մեծ լուսանկարով, իսկ հիմա՝ ճաքճքած են պատերը մամռածածկ: Իսկական յուշադամբան մ'ահաւասիկ սիրտ ճմլող եւ հոգի կրծող: Կիլիկիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի հայկական ափնիները յիշեցնող ամբողջական գերեզմանատուն մը՝ դանդիռնի ճնշող տիրապետութեամբ:

Օ՜, միթէ՞ այսպիսի անփառունակ վախճան պիտի ունենար Մեծ Եղեռնէն ետք յառնած եւ տասնամեակներու թաւալքին կանգնագեղ գոյատեւած Լուսոյ Տաճարը, ուր դաստիարակեցին ու դաստիարակուեցան պատկառելի դէմքեր ու ազդեցիկ գործիչներ: Անուանի ճարտարապետ Կարապես Պալեանի ձեռակերտն է սա. անոր ծնունդին մասնակցեցան Զաւէն Պատրիարք Տէր Եղիայեան եւ Մուշեղ Սերոբեան: Գործեցին ու շնչեցին Յակոբ Օշական, Վահէ-Վահեան, Բիւզանդ Եղիայեան, Պօղոս Գէորգեան, Յակոբ Թոփճեան, Մելքոն Քրիշչեան, Առաքել Պատրիկ, Գրիգոր Կիրակոսեան, Վահան Պէտէլեան, Օննիկ Մահտեսեան, Մուշեղ Իշխան, Հրանդ Գէորգեան, Օննիկ Աւետիսեան, Գերսամ Ահարոնեան, Գրիգոր Քեշիշեան, Յակոբ Յակոբեան, Կարպիս Սուրէնեան, Անդրանիկ Փոլատեան, Վահրամ Մավեան, Արեգ Տիրազան, Ասատուր Պետեան, Վարուժան Պետիկեան, Հայկաշէն Ուզունեան, Սօսի Պետիկեան, Ագապի Նասիպեան, Սեպուհ Աբգարեան, Թորոս Թորանեան եւ հարիւրաւոր ուրիշներ: Անոր շրջանաւարտները եղան գերազանցապէս հայրենասէրներ, հայախօսներ եւ մէկական հայաշունչ փարոսներ ուր որ գացին եւ ուր որ գործեցին: Մելգոնեանցին ցայտունօրէն զանազանուեցաւ ուրիշներէ: Եւ ահա դանդաղօրէն ու խոհուն կը քայլէր ուսուցիչ Վահան Թէքէեան, որ աշակերտներուն բախտաւոր ապագայ մաղթելով 1935-ին կը գրէր.

          Նայեցէք, լա՛ւ նայեցէք, եւ իրարու վրայ գըտէք

          Տըղաք եւ դուք աղջիկներ, ինչ որ տըւաւ կեանքը ձեզ

          Եւ խըլեց բախտը ձենէ- ձեր ընտանիքն ամբողջ հէք,

 

         Ձեր հայրն ու մայրն ու եղբայրն ու ձեր քոյրիկը նոյնպէս,

         Եւ երդուընցէք, դուք տըղաք եւ աղջիկներ դուք Հայու,

          Ըլլալ յաւէտ, կեանքին մէջ, բախտին դէմ բախտ իրարու:

Իսկ այսօր, ո՞ւր ցրուեցան մեր մատղաշ պատանիները՝ եթէ ոչ՝ օտարներու մօտ, խորթ ափեր, անծանօթներու գիրկին մէջ եւ ապահայ երդիքներու տակ՝ օտար բախտեր գտնելու...:

Օր մը վերջապէս հարց պիտի բարձրանա՞յ, թէ՝ ո՞վ ի՞նչ շահեցաւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան փակումով: Ո՞վ պիտի կրէ պատասխանատուութիւնը այս ազգակործան արարքին եւ անոր հետեւանքներուն՝ որ ո՛չ տնտեսական, ո՛չ ազգային, ո՛չ բարոյական, ո՛չ քաղաքական, ո՛չ մարդկային օգուտ տուաւ ազգին: Համակողմանի ձախորդութիւն մը, որուն հեղինակները խպնելու տրամադրութիւն անգամ չունին: Մինչեւ ե՞րբ լռել մեր ազգը վարկաբեկած տարրերու դիմաց՝ ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի:

Ինչո՞ւ «Մեսրոպ Մաշտոց», Գրիգոր Լուսաւորիչ», «Մխիթար Գօշ» շքանշաններու կողքին չենք ստեղծած «Լենկ Թիմուր», «Ճենկիզ Խան», «Սուլթան Համիտ», «Թալաաթ փաշա» շքանշաններ, զարդարելու համար ազգաքանդ գործիչներու, հայ մշակոյթի ու պատմութեան թշնամիներու լամբակները... եւ կարծեմ թեկնածուներ պիտի չպակսին բնաւ...:

12 տարիներու յուզմունքով եւ զայրոյթով բեռնաւոր՝ դուրս կու գամ Լուսոյ Տաճարին դարպասէն, հառաչելով.-

Աւա՜ղ փառացս անցաւորի...:

 

ԱՒԵՏԻՍ ՌԱԶՄԻԿ

«Արարատ».Պէյրութ