image
Հրատապ լուրեր:

Աւագ Գնդապետ Գարուշ Համբարձումեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ

Աւագ Գնդապետ Գարուշ Համբարձումեանի մարմինը հողին յանձնուեցաւ

«Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնին մէջ, այսօր՝ 16 յուլիսին, հողին յանձնեցին 14 յուլիսին հակառակորդի կրակոցէն զոհուած Աւագ Գնդապետ Գարուշ Համբարձումեանի դին։

Աւագ Գնդապետին յետմահու շնորհուած՝ Հայրենիքին մատուցած ծառայութեան համար 2-րդ աստիճանի մետալը յուղարկաւորութեան ժամանակ յանձնեցին Աւագ Գնդապետին հօր:

Նշենք, որ յուղարկաւորութեան ներկայ էր ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս Գարեգին Բ-ն, Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեանը, ինչպէս նաեւ բարձրաստիճան շարք մը պաշտօնեաներ եւ պատգամաւորներ։

Գարուշ Համբարձումեանը Գեղարքունիքի մարզի Լուսակունք համայնքը կ'ապէր, ունէր երկու որդի։ Անոր եղբայրը նոյնպէս պայմանագրային զինծառայող է։

Նշենք, որ 2016 թուականին ՊՆ-ն Գարուշ Համբարձումեանին ներկայացուցած էր  ԶՈւ լաւագոյն սպաները եւ հրամանատարները շարքին մէջ, այն ժամանակ ան դեռ հրամանատարի կոչում ունէր։