Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կախուածութիւնը Թուրքիայ«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ թրքագէտ՝ Անահիտ Վէզիրեան
- Թուրքիոյ բացայայտ զօրակցութիւնը կ՚ամրագրուի նաեւ գործնական քայլերով. Ձեր տեսակէտով, ինչ պատճառներով է որ Անգարա նման վարմունք կը դրսեւորէ։
Թուրքիան Ատրպէյճանին աջակցութիւն կը ցուցաբերէ բոլոր ոլորտներով։ Պետական եւ իշխանական բոլոր լրատուամիջոցները լծուած են այդ գործին՝ տեղակատուական ոլորտին, ամէն բան ներկայացնելով միակողմանի, երբեմն նաեւ ապատեղեկատուութիւն տարածելով աներեւակայելի չափերու կը հասնի հակահայկական խօսքը։
Քաղաքական ասպարէզին մէջ տպաւորութիւնը այն է, թէ Ատրպէյճանի իշխանութեան պարտականութիւնները կը կատարեն անոնց թուրք գործընկերները։ Վառ օրինակ է Մինսքի Խումբի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու համատեղ յայտարարութեան արձագանգը, այն պարագային, երբ պաշտօնական Պաքուն դեռ որեւէ կերպ չէր արձագանգած։
Ռազմի դաշտին մէջ թրքական աջակցութեան մասին ալ համապատասխան փաստեր ներկայացուած են։
Թուրքիոյ միջամտութիւնը թերեւս պէտք է դիտարկել ընդհանուր տարածաշրջանի զարգացումներու շրջածիրէն ներս, որու մասին դեռ խօսելու, վերլուծելու հնարաւորութիւն կ'ըլլայ։ Իսկ անմիջական նպատակը, որ ածանցուած է լայն տարածաշրջանի նկատմամբ Թուրքիոյ նկրտումներէն, ամրապնդուիլն է Հարաւային Կովկասին մէջ։ Այս ուղեգիծը, ի դէպ, պատմականօրէն բնորոշ է թրքական բոլոր պետութիւններուն եւ փորձ կատարուած է իրացնել տուեալ ժամանակահատուածին հնարաւոր բոլոր միջոցներով։ Հարաւային Կովկասը մեր աւելի լայն տարածաշրջանի, կարելի է ըսել, միակ կէտն է, ուր Թուրքիոյ ներկայացուածութիւնը այն մակարդակին չէ, ինչքան կը ցանկար։ Թուրքիոյ հրահարմամբ եւ համակողմանի աջակցութեամբ Ատրպէյճանի սանձազերծած պատերազմը լաւագոյն առիթն է Հարաւային Կովկասի մէջ դիրքերը ամրապնդելու։ Նուազագոյնը, որ այս պատերազմը կու տայ Թուրքիոյ, Ատրպէյճանն ալ աւելի մեծ կախուածութեան մէջ դնելն է։
- Ռուսաստան շատ հանգիստ հայեացքով կը հետեւի զարգացումներուն, մինչ շատեր այն կարծիքն ունին, որ ռուսական կողմը ինչ որ «կանաչ լոյս» տուած է հայկական կողմին եւ անոր միջամտութիւնը պիտի աշխուժանայ ռազմական գործողութիւններու որոշ փուլի մը աւարտին։
Ռուսական կողմը, որպէս Մինսքի Խումբի անդամ եւ համանախագահ երկիր, կը փորձէ պահպանել անկողմնակալութիւնը, ի տարբերութիւն նոյն Մինսքի Խումբի մէկ այլ երկրի՝ Թուրքիոյ։
Ռուսաստանը Մինսքի Խումբի միւս համանախագահողներու՝ ԱՄՆ-ի եւ Ֆրանսայի հետ կը փորձէ հասնիլ հրադադարի։ Միեւնոյն ժամանակ, Ռուսաստանը, որպէս առաջին հերթին նաեւ Հայաստանի դաշնակից երկիր, աշխարհաքաղաքական առումով կարող է զգալիօրէն կորսնցնել, ռազմական գործողութիւններու շարունակման պայմաններուն։ Մոսկուայի, որպէս այս տարածաշրջանի ամենառանցքային խաղացողի, նման անորոշ կեցուածքը, մէկ կողմէն կ'ազդէ համայն հայութեան ընկալումներու վրայ, միւս կողմէ կը նպաստէ Ատրպէյճանը լիովին Թուրքիոյ նուիրելու հեռանկարին։
Ըստ էութեան, պէտք է արձանագրել, որ Արցախը եւ հայ ժողովուրդը այսօր, միայնակ կը պայքարի թրքական օժանդակութեամբ եւ հրահրմամբ պատերազմ սկսած Ատրպէյճանի եւ վարձկան ահաբեկիչներու եռակողմ դաշինքին դէմ։
- Իսլամ ռատիքալիստներու գործօնը, կարծես թէ դարձաւ միջազգային լրահոսի թրէնտներէն ուղղութիւններէն մէկը. արդեօք այս ընթացքով Թուրքիան վնասներ պիտի կրէ՞ այդ հարցի ամբողջական բացայայտումով։
Թէեւ Հայաստանը մօտ մէկ ամիս է կը բարձրաձայնէր, սկիզբը տեղեկութիւններ ստանալու, ապա նաեւ փաստեր ունենալու մասին, ահաբկիչները Ատրպէյճան տեղափոխման մասին միջազգային արձագանգը եղաւ միայն Ատրպէյճանի յարձակումէն եւ պատերազմական գործողութիւնները սկսելէն յետոյ։
Բաւական ժամանակ է, որ Թուրքիան տարածաշրջանին մէջ իր քաղաքականութեան սահմանները գծելու համար կը ձեւաւորէ եւ կը կիրառէ սեփական փոքր պատերազմներու փոխանորդները։ Անոր ականատես եղանք Սուրիոյ մէջ, առկայ են անհերքելի փաստեր նաեւ Լիպիոյ պարագային։
Միջազգային արձագանգը, Արցախի պատերազմը սկսելու հարցով, մեծ շեշտադրում կ'ընէ ահաբեկիչներու համար նոր օճախ ստեղծելու անթոյլատրելիութեան վրայ։ Սակայն այդ յայտարարութիւնները որքանով գործնական քայլերու կը վերածուին, դժուար է յստակ կանխատեսումներ ընել, դարձեալ հիմք ընդունելով վերջին տարիներուն այլ երկիրներու մէջ Թուրքիոյ նմանատիպ վարքագիծի հանդէպ միջազգային հանրութեան կողմէ առարկայական քայլերու բացակայութիւնը։
- Ինչքանով լուրջ են Եւրոպայի մօտեցումները, մանաւանդ, որ երկար ժամանակէ ի վեր բոլորս կը լսենք, թէ Եւրոպան պիտի պատժէ Թուրքիան։
Եւրոպան այս պահուն պատրաստ չէ որեւէ լուրջ եւ կտրուկ քայլեր ձեռնարկելու Թուրքիոյ դէմ, եւ այս կը վերաբերի ոչ միայն Արցախի, այլ նաեւ Միջերկրականի Արեւելքի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններուն։
Պատճառներու շարքին կարելի է նշել Եւրոպական Միութեան միասնական դիրքորոշման բացակայութիւնը, թէեւ կան նաեւ Թուրքիոյ հետ բաւական լարուած յարաբերութիւններ ունեցող այնպիսի ԵՄ անդամ երկիրներ, ինչպէս Յունաստանը, Կիպրոսը, Ֆրանսան, Աւստրիան եւ այլն։
Բացի այդ ոչ պակաս կարեւոր գործօն են Անգարայի կողմէ ԵՄ-ի վրայ գործուն ճնշման մեքենականութեան առկայութիւնը, որպէս օրինակ՝ Թուրքիոյ մէջ գտնուող փախստականներու հարցը, որու միջոցով Թուրքիան անհրաժեշտ պահուն կը սպառնայ Եւրոպային։
- Կայ մօտեցում, որ ատրպէյճանեան կողմի քաղաքական որոշումը Անգարայի ձեռքերուն մէջ է. ճիշդ է՞ այդ մօտեցումը. ի՞նչ կ՚ըսէք։
Այս մասին հպանցիկ նշած եմ արդէն։ Դեռեւս յուլիսէն կը նկատուէր, որ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու կախուածութիւնը Թուրքիայէն հետզհետէ կ'աւելնայ։ Ներկայիս Ատրպէյճանի ղեկավարներու փոխարէն միջազգային հանրութեան հետ կը խօսին թուրք պաշտօնեաները եւ տպաւորութիւնը այն է, թէ որոշումները կը կայացուին ոչ թէ Պաքուի, այլ Անգարայի մէջ, իսկ Պաքուի վրայ կը մնայ զուտ այդ որոշումներու կատարման պարտականութիւնը։ Ակնյայտ է, որ այս պատերազմի աւարտէն յետոյ, Ատրպէյճանի կախուածութիւնը Թուրքիայէն աւելի պիտի աճի, քանի որ զինք առարկայօրէն պաշտպանող միակ երկիրը Թուրքիան է։