image

Աստանայի մէջ սկիզբ առին Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններع

Աստանայի մէջ սկիզբ առին Սուրիոյ հարցով բանակցութիւններع

Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ այսօր սկիզբ առին Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները: Հանդիպումը տեղի  կ'ունենայ «Rixos» հիւրանոցին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը:

Հիմնական հարցերը, որոնք պիտի քննարկուին, Սուրիոյ կառավարութեան եւ զինուած ընդդիմութեան հարցն է, նաեւ  հրադադարի ռեժիմի ամրապնդումը եւ  քաղաքական բանակցային գործընթացի խթանումը՝ կազմակերպելու համար Ժնեւի մէջ 8 Փետրուարի խորհրդատուութիւնները: Հանդիպման ընթացքին կողմերը պիտի աշխատին նաեւ վերջնական փաստաթուղթի ընդունման ուղղութեամբ, սակայն անոր հեռանկարները տակաւին յստակ չեն:

Բանակցութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են եօթ պատուիրակութիւններ` Սուրիոյ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը, 29 Դեկտեմբերի հրադադարի ռեժիմի համաձայնագրի երաշխաւոր երկիրները (Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան), ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի Սուրիոյ յատուկ բանագնաց   Տէ Միսթուրա, ԱՄՆ դեսպան Ճորճ Քրոլ՝ որպէս դիտորդ:

Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ներկայացուած է զինուած խմբաւորումներով՝ գլխաւորաբար երկրի  հիւսիսային եւ կեդրոնական, ու մասամբ երկրի հարաւային շրջաններուն մէջ գործող: Գլխաւոր բանակցողներէն մէկը «Ճէյշ Ալ Իսլամ»ի ներկայացուցիչ Մուհամմատ Ալլուշն է:

Բանակցութիւններու աւարտը նախատեսուած է 24 Յունուարին: Նախատեսուած է նաեւ ամփոփիչ մամլոյ ասուլիս: Կազմակերպիչներն ու մասնակիցները չեն բացառեր, որ անհրաժեշտութեան պարագային  աշխատանքները կրնան  երկարաձգուիլ: