Ղազախստանի մայրաքաղաք Աստանայի մէջ այսօր սկիզբ առին Սուրիոյ հարցով բանակցութիւնները: Հանդիպումը տեղի կ'ունենայ «Rixos» հիւրանոցին մէջ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «ԹԱՍՍ» գործակալութիւնը:
Հիմնական հարցերը, որոնք պիտի քննարկուին, Սուրիոյ կառավարութեան եւ զինուած ընդդիմութեան հարցն է, նաեւ հրադադարի ռեժիմի ամրապնդումը եւ քաղաքական բանակցային գործընթացի խթանումը՝ կազմակերպելու համար Ժնեւի մէջ 8 Փետրուարի խորհրդատուութիւնները: Հանդիպման ընթացքին կողմերը պիտի աշխատին նաեւ վերջնական փաստաթուղթի ընդունման ուղղութեամբ, սակայն անոր հեռանկարները տակաւին յստակ չեն:
Բանակցութիւններուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են եօթ պատուիրակութիւններ` Սուրիոյ իշխանութիւնն ու ընդդիմութիւնը, 29 Դեկտեմբերի հրադադարի ռեժիմի համաձայնագրի երաշխաւոր երկիրները (Ռուսիա, Թուրքիա, Իրան), ՄԱԿ-ի գլխաւոր քարտուղարի Սուրիոյ յատուկ բանագնաց Տէ Միսթուրա, ԱՄՆ դեսպան Ճորճ Քրոլ՝ որպէս դիտորդ:
Սուրիոյ ընդդիմութիւնը ներկայացուած է զինուած խմբաւորումներով՝ գլխաւորաբար երկրի հիւսիսային եւ կեդրոնական, ու մասամբ երկրի հարաւային շրջաններուն մէջ գործող: Գլխաւոր բանակցողներէն մէկը «Ճէյշ Ալ Իսլամ»ի ներկայացուցիչ Մուհամմատ Ալլուշն է:
Բանակցութիւններու աւարտը նախատեսուած է 24 Յունուարին: Նախատեսուած է նաեւ ամփոփիչ մամլոյ ասուլիս: Կազմակերպիչներն ու մասնակիցները չեն բացառեր, որ անհրաժեշտութեան պարագային աշխատանքները կրնան երկարաձգուիլ: