image

«Աշխարհը միշտ մեզի ուզած է լսել ոստիկանի ականջով, եւ պէտք է փոխել այդ ընկալումը» Երիտասարդ իմաստասէր ՝Խաչիկ Չուխաճեան

«Աշխարհը   միշտ մեզի     ուզած է  լսել  ոստիկանի ականջով, եւ  պէտք է փոխել  այդ  ընկալումը» Երիտասարդ իմաստասէր ՝Խաչիկ Չուխաճեան

Ի՞նչ են Հայոց Ցեղասպանութեան հոգեբանական հետեւանքները, կամ որքան  ժամանակ Հայոց Եղեռնի պատճառած  ահն  ու կոտտանքը  պիտի շարունակեն ազդել սերունդներու հոգեւմտաւոր աշխարհին եւ էութեան վրայ։

Այս բոլորին մասին օրերս  զրուցեցինք  ներկայիս Նիւ Եորք  ապրող երիտասարդ իմաստասէր Խաչիկ Չուխաճեանին հետ։ 

Խաչիկ Չուխաճեանը Նիւ Եորքի Ժեզուիթ Ֆորտհամ համալսարանի իմաստասիրութեան բաժնի մէջ  ուսանող է։ 2016-2108 տարիներուն, ան որպէս ուսուցիչ աշխատած է Հայաստանի Լոռիի  մարզի Մեդովկայի միջնակարգ դպրոցին  մէջ՝ մասնակից դառնալով «Դասաւանդի՛ր Հայաստան» ծրագրին։ 


-Հարիւր եւ աւելի տարիներ անցած են Հայոց Ցեղասպանութեան օրերէն: Այսօր  ի՞նչ ազդեցութիւն մնացած է այդ արհաւիրքէն, այդ տագնապէն:


Շնորհակալ եմ հարցին համար,  որովհետեւ այս խնդրին  մասին շատ  քիչ են  անդրադարձները։  Նախ  պէտք  է նշեմ,  որ հայութեան  ունեցած իրաւական պահանջներուն պատճառով  մենք յաճախ անտեսած ենք  խնդրի  միւս կողմերը։ Գերմանացի փիլիսոփայ Ատօրնօն ըսած է, որ Աուշւիցէն ետք բանաստեղծութիւնը գրելը դարձած է անհնար։ Սակայն, բանաստեղծութիւնը, վէպը, եւ փիլիսոփայական ու հոգեբանական գրականութիւնը միակն միջոցներն են որոնք կրնան նայիլ ու տեսնել այսպիսի հսկայ աղէտին  չարիքի խորքերը, եթէ ի հարկէ այդ հնարաւոր է։ Մարկ Նշանեանը «Պատմագրական այլասերում» ու այլ աշխատութիւններուն մէջ կը ներկայացնէ ցեղասպանութիւն կոչուած աղէտը հասկնալու վերաբերեալ պատմագրութեան անկարողութիւնը, ինչպէս նաեւ գրականութեան ու փիլիսոփայութեան որոնումները այդ ուղղութեամբ։ Նշանեանի աշխատանքը շատ խիտ է եւ ես չեմ փորձեր ամփոփել այստեղ, բայց կարելի է ըսել որ կեանքը հասկնալու համար բառեր են պետք, եւ կարծեմ թէ բառերը չ'ունինք մեզի եղածը բոլորովին հասկնալու։ Սա կը խոչընդոտէ ցաւի ու տագնապի յաղթահարման։ Ցաւն ու տագնապը կը շարունակուին նաեւ որովհետեւ կ՚ուզենք մեր վկայութիւնը լսուի աշխարհի պետութիւններու կողմէն, բայց իրենք կը լսեն ոստիկանի ականջով, չեն լսեր մեր ցաւին, այլ կ'արձանագրեն տեղեկութիւններ, որպէսզի կարողանան հարցերը  օրէնքի տեսանկիւնէն ուսումնասիրել։ Այս պատճառով պէտք է սորվինք նաեւ զիրար լսել, մարդոց սեփական պատումները եւ վկայութիւնները շօշափելի դարձնելու համար։ «Յուշամատեան» կայքն այս առումով շատ լաւ օրինակ  մըն է, որու նպատակն է ցեղասպանութենէն առաջ գոյութիւն ունեցած աշխարհը կարելի եղած  չափով վերակենդանացնել։ Կարծեմ անցեալի «հայկական աշխարհ»  երեւոյթին հետ ծանօթանալով է,  որ կրնանք հասկնալ, թէ  ինչ տեսակի աղէտ էր Մեծ Եղեռնը։ Այո, այս աւելի ցաւոտ  կը դարձնէ իրավիճակը, եւ աւելի դժուար ճանապարհ է, բայց մօրդ դէմքը մոռնալով չէ որ պիտի անցնին ցաւերդ... Էքզիստենցիալիստ (գոյութենապաշտ) գրականութիւնը  կը  շեշտէ անձիդ դիմաց կանգնիլն ու հարցումներ   տալը,  տեսնելով ու զգալով  բոլոր ջղայնութիւններդ ու դիմադրելով ահն ու անհեթեթութիւնը, որ կը ստեղծուին այդ հարցադրումին պատճառով։ Սյորէն Գիերքըկարտ (Soren Kierkegaard),  որ կը համարուի այս փիլիսոփայական մօտեցման ինչպէս նաեւ արդի հոգեբանութեան նախահայրը, այս բոլորը նկատի առնելով կ'ընդունի որ այո՛, կեանքը դժուար է, բայց ապրելու կոչումը այնպիսին է որ բոլոր հոգեւոր դժուարութիւնները դիմադրելով է միայն, որ կրնանք երթալ դէպի ազատ կեանքի ճանապարհ։ Կարծեմ,  թէ մեր բոլորին համար հայեր ըլլալը կը պարունակէ ցեղասպանութեան իրականութիւնը։ Փախուստ չկայ այս իրականութենէն։ Բայց շատ ատեն, յատկապէս սփիւռքի մէջ, հարցուցած ենք թէ «ո՞վ ենք մենք», եւ այս «մենք»-ի չափանիշին դիմաց կազմած ենք մեր ինքնութիւնը։ Բայց սա բաւարար ենթակայական մօտեցում չէ։ Հարցնենք, «ո՞վ եմ ես», ու նաեւ «ո՞վ եմ ես որպէս հայ», եւ կը տեսնենք որ ցեղասպանութիւնը հազար ու մէկ ձեւով դեռ հետերնիս է  եւ մեր անձնական ինքնութեան անխուսափելի մասն է։

 

-Շատ յաճախ կը խօսինք, որ Ցեղասպանութեան թողած վէրքը  մարդուս հոգեբանութեան վրայ անդարմանելի է եւ այդ ցաւը կը փոխանցուի սերունդէ սերունդ: Արդեօք դուք համաձա՞յն էք այս մտքին: Այսօր Ցեղասպանութենէն ճողոպրած երրորդ կամ չորրորդ սերունդի ներկայացուցիչներուն մէջ ինչքանո՞վ տեղաւորուած է այդ ցաւը: Այս առումով կա՞ն գիտական աշխատութիւններ: Ի՞նչ տուեալներ ունիք: 


Այս  առումով  բաւական կարեւոր   աշխատութիւններ կան, օրինակ Անթոնի Հոլսակի աշխատութիւնը, որն անցեալ տարի լոյս տեսաւ (Anthonie Holslag The Transgenerational Consequences of the Armenian Genocide)։ Գալով մեր շրջապատին ապա այսօր կը նկատենք տեսնենք երկու ծայրահեղութիւններ։ Կան մարդիկ, որոնք մնացած են ատելութեան մէջ, ու չեն կրնար առանց այդ ատելութեան ու բարկութեան պայքար տանիլ։ Սակայն, ատելութիւնն ու բարկութիւնը պէտք չեն, որովհետեւ գոյութիւն ունի բարոյական զայրոյթ հասկացողութիւնը։ Երբ տեսնենք անարդարութիւն կամ անմարդկութիւն, կրնանք օգտագործել այդ զայրոյթը արդարամտութիւն եւ խիղճ  արտայայտելու համար։Ատելութիւնը սահման չի ճանչնար ու կը սկսի ազդել մեր միւս յարաբերութիւններուն վրայ,իսկ բարոյական զայրոյթն արդարամտութեան հետ կապուած ըլլալով, կապուած է յատուկ հարցի  մը եզրերուն։ Բանականութեան հիմական գործողութիւններէն մէկը սահմաններ ստեղծելն է, այսինքն զանազանել մէկ բանը միւսէ։ Ըստ  իս  այս է առողջ մօտեցումը։ Իսկ երբ կը սորվինք ցեղասպանութեան մասին,եւ զգ անք այդ բարկութիւնն ու ատելութիւնը,  այդ բոլորը պէտք է ընդունինք որպէս բնական   բաներ, առանց մենք մեզ քննադատելու։ Միւս կողմէն կը տեսնենք անցեալէն փախչելու ցանկութիւնը։ Անցեալէն փախուստ չի կայ, ոչ ազգին համար ոչ ալ անհատին, եւ թէկուզ մեր անցեալին մէջ անհասկնալի անդունդ մը կայ, միայն այդ անդունդին դիմաց կանգնելով ու  անոր  դիմադրելով է, որ կրնանք ինքզինքնիս հասկնալ ու երթալ դէպի առողջ կեանքի ճանապարհ։ Այնպէս որ,  բոլոր անոնք, որոնք կ'ուզեն ցեղասպանութիւնը մոռնալ, նոյնպէս հոգեկան վնաս կը կրեն։  Յստակ է  նաեւ, որ որ ներելը   կապուած է այս երկու խնդիրներուն հետ. Ինչպէ՞ս կարելի է ներել երբ տակաւին հարց ունիս լուծելիք։ Յիշելն ու պահանջելը կապուած են այս երկու ծայրահեղութիւններու արանքին, ուր  կը գտնենք առողջ հաւասարակշռութիւն։  Մենք պէտք է բառերը գտնենք մեր փորձառութիւնները հասկնալու եւ մեր կեանքերն իմաստաւորելու համար, ու այս հարցով կը զբաղին գրականութիւնն ու գրական քննադատութիւնը, բանաստեղծութիւնը, փիլիսոփայութիւնն ու հոգեբանութիւնը։


-Յաճախ Ցեղասպանութիւնը կը նմանեցուի Հոլոքոսթին հետ: Ի՞նչ առնչութիւններ կան այս առումով: Ձեր տեսակէտով, հոգեբանական ենթաշերտին վրայ ի՞նչ նոյնութիւններ կան Հոլոքոսթին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան հետ կապուած:


Երկու ոճրագործութիւններու պարագային ալ նմանութիւններ կան։ Ամբողջ ազգ մը սպաննել, կիները, երեխաները, եւ տարիքաւորները, ինչպէս նաեւ բժիշկները   դաժան գիտնական փորձերու  ենթարկելը առկայ  են, Հոլոքոստի ու հայոց ցեղասպանութեան պարագային։ Չմոռնանք որ «Հոլոքոստ» բառը առաջին անգամ օգտագործուած է համիտեան ջարդերու մասին խօսելու ատեն, եւ անշուշտ «ցեղասպանութիւն» բառը առաջին անգամ օգտագործուած է հայոց ցեղասպանութեան մասին խօսելու համար։ Ասկէ բացի, գերմանացիներն էին որ սորվեցուցին ու տուին միջոցները իրենց դաշնակից թուրքերուն ու յետագային  ալ  անոնք շատ մը  «արդիական»  միջոցներ ի  գործ  դրին  իրականցնելու համար  իրենց ոճիրը։ Ուրեմն զարմանալի չէ որ ենթակայական առումով ալ  Հայոց Ցեղասպանութեան եւ «Հոլոքոստ»ին միջեւ շատ մը նմանութիւններ կան։ Ատկէ  զատ  ալ  մեզի համար  հրեաներու պարագան  ուսանելի է ,  հասկնալու համար  այն բոլոր   ձեւերը, որոնց միջոցաւ  ժողովուրդ մը կը կարողանայ հոգեպէս  առողջ  կեանք մը ապրիլ  ու իր ետին ձգէ ողբերգութեան մը  ամբողջ ծանրութիւնը։Այս առումով ալ ռուս յայտնի գրող Ալեքսանդր Սոլժենիցինի աշխատանքը խորհրդային աքսորեալ գաղութներու մասին բաւականին օգտակար աշխատութիւն է, ինչպէս նաեւ ժամանակակից հոգեբան Ճորտըն Փիթըրսոնի (Jordan Peterson) աշխատութիւնները։ Էլի Ուայզէլի «Գիշեր» գիրքը, որ կը ներկայացնէ Աուշւիցի մէջ իր ապրած օրերը նոյնպէս կարեւոր  վկայագրութիւն մըն է։  Այս  բոլորէն դուրս գալու միակ ձեւը համբերատարօրէն մեր հոգիներուն մէջ նայիլն է  եւ անշուշտ կարդալն ու ծանօթանալը  այն գրականութեան, որ կը խօսի մեծ ողբերգութիւններէ դուրս եկած եւ հաւաքական յիշողութիւն հանդիսացող մարդոց փորձառութեան մասին։