image

«Ասատը մեր թշնամին չէ». Ֆրանսայի նախագահ

«Ասատը  մեր  թշնամին չէ». Ֆրանսայի նախագահ

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն    Սուրիոյ  տագնապին վերաբերեալ  աննախընթաց  յայտարարութիւններ  ըրած է:  «Ասատ   թէեւ   իր ժողովուրդին   «թշնամին» է, բայց եւ այնպէս    ան մեր   (Ֆրանսայի)   թշնամին չէ»,- ըսած է Մաքրոն, նկատել տալով նաեւ, որ   իրենց համար ներկայ  պահուն   Ասատի հեռանալը    հիմնական պահանջ մը չէ:

«Ասատը փոխարինող  օրինական մէկը չկայ»,-  ըսած է  Ֆրանսայի նախագահը,  աւելցնելով, որ «մեր  պայքարը  ահաբեկիչներուն դէմ է եւ    մեզի համար կարեւոր է, որ Սուրիան «ձախող  պետութիւն»  մը չդառնայ»: ,Մաքրոն նաեւ  շեշտած է, որ ահաբեկիչներուն դէմ պայքարին  համար  իրենք պատրաստ  են  համագործակցիլ Ռուսաստանի  հետ:  Յիշեցնենք, որ  Ֆրանսայի մէջ  եղած ահաբեկչական գործողութիւններուն  հետեւանքով   զոհուած  են   230 անձեր, եւ, ըստ Մաքրոնի,  այդ  ահաբեկիչները Ֆրանսայ  թափանցած են  Միջին Արեւելքէն: