image
Հրատապ լուրեր:

Ասատի վարչակարգին հզօրութիւնը. Պատճառներ. Al Diyar

Ասատի վարչակարգին հզօրութիւնը. Պատճառներ. Al Diyar

«Ալ Տիար» լրատուական կայքը յօդուած մը հրապարակած է, ուր մանրամասներ ներկայացուցած է Ռուսիոյ կողմէ սուրիական բանակին տրամադրուող օժանդակութեան մասին:

Յօդուածագիրը մասնաւորապէս նշած է, թէ բացի բացայայտօրէն յայտարարուած օժանդակութենէն, Ռուսիա գաղտնի կերպով Սուրիոյ մատակարարած է զինամթերքի այնպիսի տեսակներ, ինչպիսիք են «T-90» հրասայլը (600 հատ), 130 մմ-անոց հրետանին (1000 հատ) եւ S-300 համակարգը:

Բացի Ռուսիայէն, Սուրիա զէնքեր, հրթիռներ, նիւթական օժանդակութիւն եւ զինուորներ կը ստանայ նաեւ Իրանէն:

Ասատի ուժի աղբիւր է նաեւ այն, որ ներկայիս Սուրիոյ ժողովուրդը առաւել բուռն կերպով կը համակրի անոր:

Միւս կողմէ Ասատի ուժին կը նպաստեն Սուրիոյ մէջ իրանեան գետնափոր ռազմակայանները, որոնց գտնուելու վայրին մասին ոչ ոք տեղեկութիւն ունի, ինչպէս նաեւ «Հըզպալլա»ի աջակցութիւնը: