Սուրիոյ նախագահի խորհրդական Պուսայնա Շաապան նշած է, որ Արաբական Աշխարհը շարք մը փոփոխութիւններու կ'ենթարկուի, որոնցմէ հիմնականը տնտեսական, քաղաքական ու մշակութային ոլորտներու մէջ չինական ուժի յայնուիլն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սանա» լրատուական գործակալութիւնը:
Շաապան կարեւորած է Չինաստանի կողմէ շարք մը նախագիծերու առաջադրումը, որոնցմէ են «Նոր մետաքսի ճանապարհ»ն ու Չինաստանի նախագահին առաջադրած «Մէկ գօտի, մէկ ճանապարհ» նախաձեռնութիւնը:
Ասատի խորհրդականը շեշտած է նաեւ, որ Արաբական Աշխարհը չինական նախաձեռնութիւններու եւ նախագիծերու կարեւոր մէկ մասը կը կազմէ, միաժամանակ կոչ ուղղելով զարգացնել Չինաստանի հետ համագործակցութիւնն ու վերջինիս մեծ դեր յատկացնել Սուրիոյ վերաշինութեան մէջ:
Շաապան նաեւ կոչ ուղղած է չինարէնի ուսուցման ուսումնարաններ հիմնելու եւ զարկ տալու ուսանողներու փոխանակամն գործողութեան, նպատակ ունենալով զոյգ մշակոյթներու միջեւ մերձեցում ստեղծելու եւ Սուրիոյ մէջ չինական առեւտրական կեդրոններ բանալու:
Պուսայնա Շաապան շեշտած է, որ նոր աշխարհ մը ստեղծելու գաղափարը պէտք է հիմնուի ոչ թէ պատերազմներու եւ այլ երկիրներ գրաւելու վրայ, այլ երկիրներու միջեւ մշակութային ու գիտական ոլորտներու մէջ համագործակցութեան վրայ:
Շաապան կարծիք յայտնած է, որ ԱՄՆ-ի այսօրուան քաղաքականութիւնը հիմնուած է Միջին Արեւելքի երկիրներու վրայ իր իշխանութիւնը տարածելու վրայ, հետեւաբար պէտք է արաբական երկիրներու բնակիչները վերանային իրենց յարաբերոթիւնները: