image

Ասատի եւ առաջին տիկնոջ անակնկալը վիրաւոր զինուորին

Ասատի եւ առաջին տիկնոջ անակնկալը վիրաւոր զինուորին

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ալ Ասատ իր ընտանիքի անդամներուն հետ Հոմսի մէջ այցելած է Սուրիոյ բանակի վիրաւոր զինուորներէն մէկն ու շնորհաւորած վերջինիս Ս. Ծննդեան տօնը:

Այս առթիւ Սուրիոյ նախագահական պալատի «Telegram»ի պաշտօնական էջը հրապարակած է վիրաւոր Միշէլ Թաննուսի տան մէջ Ասատի ու իր ընտանիքի անդամներուն լուսանկարները:

Նշենք, որ Թաննուս Սուրիոյ մէջ ընթացող մարտերէն մէկուն ընթացքին ծանր վիրաւորում ստացած էր: