image

Արտեոմ Գասպարեան Ծանրօրէն Վիրաւորելէ Ետք Փոխադրուած Է Հիւանդանոց

Արտեոմ Գասպարեան Ծանրօրէն Վիրաւորելէ Ետք Փոխադրուած Է Հիւանդանոց

Ամերիիկայի քաղաքացի    եւ ազգութեամբ Հայ Արտեոմ Գասպարեան     ծանրօրէն վիրաւորուելէ ետք  փոխադրուած է հիւանդանոց: Այս  մասին տեղեկութիւնը ստացանք «Արեւելք»ի  Լոս Անճելոսի աղբիւրէն: Մեր  աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ ժամեր առաջ    տեղի ոստիկանութիւնը յաջողած է   յայտնաբերել   Գասպարեանի  գտնուած վայրը, ուր տեղի ունեցած է փոխ հրաձգութիւն   եւ որուն հետեւանքով Գասպարեան վիրաւորուած ու ձերբակալուած է:   32 -Ամեայ   Գասպարեան, որ  կը մեղադրուի գողութիւն եւ մարդասպանութիւն կատարելու մեղադրանքներով  ծանր վիճակի մէջ  է կը գտնուի  վերակենդանցաման  բաժին: Մեր աղբիւրը նոյնպէս յայտնեց, որ  անոր Մէքսիքացի գործընկերը, որ կը կոչուի Տանիէլ Րամիրէզ աւելի վաղ    անձնասպան եղած է: