image
Հրատապ լուրեր:

Արտաքին ահաբեկիչներու ներկայութեան տարածաշրջանային հետեւանքներն ապագային պիտի երեւան. ՀՀ վարչապետը հարցազրոյց տուած է «Իրան» օրաթերթին

Արտաքին ահաբեկիչներու ներկայութեան տարածաշրջանային հետեւանքներն ապագային պիտի երեւան. ՀՀ վարչապետը հարցազրոյց տուած է «Իրան» օրաթերթին

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հարցազրոյց տուած է «Իրան» օրաթերթին: Հարցազրոյցէն հատուած ներկայացուցած է Իրանի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը:

«Միջազգային մակարդակով հաստատուած է, որ ռազմական գործողութիւններուն մասնակցելու նպատակով Սուրիայէն վարձկան ահաբեկիչներ կը տեղափոխուին տարածաշրջան Թուրքիոյ միջոցով, որ լրջագոյն վտանգներ կը ստեղծէ տարածաշրջանի համար: Ցաւօք տարածաշրջանային երկիրները այս իրողութեան չեն դրսեւորած լուրջ հակազդեցութիւն:

Կասկածէ վեր է, որ արտաքին ահաբեկիչներու ներկայութիւնը պիտի ստեղծէ այնպիսի սպառնալիքներ, որոնց տարածաշրջանային հետեւանքները ապագային պիտի երեւան:

Տարածաշրջանային երկիրները պէտք է աւելի լուրջ մօտենան այս խնդրին»,- ըսած է վարչապետը: