Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագիրով Արշակ Փօլատեան նշանակուած է Թունիսի Հանրապետութեան մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան․ կը յայտնէ ՀՀ նախագահի մամլոյ վարչութիւնը:
«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկը` համաձայն Սահմանադրութեան 132-րդ յօդուածի 1-ին մասի 2-րդ կէտի Արշակ Փօլատեանին նշանակել Թունիսի Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Երեւան)»,- ըսուած է ՀՀ նախագահի հրամանագրին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Արշակ Փօլատեան երկար տարիներ եղած է Սուրիոյ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը։