Ըստ «Ալ Ժումհուրիա» թերթին, «Ալ Նուսրա» խմբաւորումը, Արսէլ ճակատամարտի մէջ պարտութիւն կրելէն ետք, պիտի տեղափոխուի դէպի Սուրիոյ Իտլէպ քաղաքը:
Լրատուամիջոցները նշած են, որ ահաբեկիչներու ընտանիքները, որոնք կ’ապրին ճակատամարտի վայրի շուրջ գտնուող գաղթակայաններուն մէջ, կ’ուզեն միանալ «Ալ Նուսրա» խմբաւորումին եւ տեղափոխուիլ Իտլիպ:
Լիբանանեան բանակի աղբիւրներ յայտնած են, որ բանակը համագործակցելով իր դաշնակից կողմերուն հետ պիտի հեշտացնէ «Ալ Նուսրա»ի զինեալներուն տարհանումը ու այդ փուլէն ետք է, որ բանակը իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ առնէ Արսէլի եւ անոր շրջակայից բոլոր գաղթակայնները: