Աշխարհով մէկ սփռուած հայութեան կողմէ ապրիլի 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 101-րդ տարելիցի առթիւ ոգեշնչման տօնակատարութիւններու, բողոքի հաւաքներու եւ յուշահանդէսներու կայացման ծիրէն ներս Լոս Անճելըսի հայութիւնը իր հերթին կազմակերպած է արդարութեան հաւաք մը՝ Թրքական հիւպատոսարանի շէնքին առջեւ: Այնտեղ ապող հայութեան մեծամասնութեան մասնակցութիւնը ապահովելու համար տեղւոյն Ազգային Առաջնորդարանի դիւանը հանդէս եկած է հետեւեալ պաշտօնական յայտարարութեամբ.-
Սիրելի՝ հայորդիներ,
Կոչ կ՛ուղղենք բոլորիդ, որ խուռներամ ներկայութեամբ մասնակից ըլլաք մեր գաղութի Ցեղասպանութեան ոգեկոչման միացեալ մարմինին թէ հայկական կազմակերպութեանց ու միութեանց նախաձեռնած համագաղութային բոլոր արարողութեանց ու ձեռնարկներուն։
Մասնաւորաբար Շաբաթ, Ապրիլ 23-ի կէսօրուան ժամը 1-3, Մոնթեպելլոյի Նահատակաց յուշարձանին առջեւ (Bicknell Park, 901 Via San Clemente, Montebello, 90640) տեղի պիտի ունենայ մեր սրբադասեալ նահատակներու յիշատակին նուիրուած արարողութիւն եւ ոգեկոչման հաւաք։ Իսկ Կիրակի, Ապրիլ 24-ին, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ Ս. պատարագ պիտի մատուցուի՝ ի յիշատակ սուրբ նահատակներուն: Թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան պիտի նախագահէ Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին եւ պիտի ուղղէ իր պատգամը: Ինչպէս ծանօթ է, մեր եկեղեցին անցեալ տարի, Ցեղասպանութեան 100-ամեակին, սրբադասեց մեր մէկուկէս միլիոն նահատակները: Այսուհետեւ, մեր աղօթքներով անոնց բարեխօսութեան պիտի դիմենք, որովհետեւ մեր եկեղեցւոյ կանոններուն համաձայն՝ սուրբերու յիշատակին հոգեհանգիստ չի կատարուիր:
Կիրակի, յետմիջօրէի ժամը 1-ին, տեղի պիտի ունենայ Արդարութեան հանրահաւաք՝ Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ (6300 Wilshire Blvd., Los Angeles, 90048):
Վստահ ենք, որ ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս, յատկապէս Կիրակի օր, մեր ժողովուրդը միահամուռ կերպով ու մեծաթիւ ներկայութեամբ արձագանգ պիտի հանդիսանայ Հայաստանէն ու այլ օճախներէ բարձրացող պահանջատիրութեան ձայնին, մանաւանդ որ դեռ վերջերս, Ապրիլի առաջին օրերուն, նո՛յն ցեղասպանին լծակցութեամբ, Ատրպէյճան դաւադիր յարձակում գործեց Արցախի վրայ, ու հայրենի հողի պաշտպանութեան մարտերուն մէջ ինկած նահատակները գացին միանալու մեր բիւրաւոր նահատակներուն: