A1+-էն կը կարդանք թէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեան 21 նոյեմբերին այցելած է Մարտունի քաղաք եւ այնտեղ աշխատանքային խորհրդակցութիւն կատարած:
Երկրի ղեկավարը շրջանային պատասխանատուներու եւ քաղաքաշինութեան նախարարի ուղեկցութեամբ նախ շրջայց կատարած է շրջկեդրոն, ծանօթացած պատերազմական աւերածութիւններուն եւ տեղւոյն վրայ համապատասխան յանձնարարականներ տուած վերականգնման ու վերանորոգման աշխատանքները շտապ սկսելու առումով:
Շրջանի համայնքներու ղեկավարներու եւ այլ պատասխանատուներու մասնակցութեամբ հրաւիրուած խորհրդակցութեան ընթացքին նախագահը ընդգծած է, որ առաջնահերթօրէն պէտք է վերականգնել կեանքի բնականոն ընթացքը՝ լուծելով ենթակառուցուածքային բոլոր խնդիրները:
Նախագահի խօսքով՝ ստեղծուած ընկերա-տնտեսական ծանր իրավիճակը յաղթահարելու համար, որպէս աջակցութիւն, Կառավարութիւնը առաջիկայ մէկ տարուայ ընթացքին որոշակի սահմանափակումներով պիտի նպաստէ բնակչութեան համայնական ծախսերուն, ներառեալ՝ ելեքդրականութիւն, բնական կազ, ինչպէս նաեւ անշարժ, բջջային եւ համացանցային կապի ծառայութիւններու դիմաց վճարումներուն: Անհրաժեշտ կահաւորումներու համար կը տրուի նաեւ կենցաղային սարքեր եւ կահոյք:
Անդրադառնալով գիւղատնտեսական աշխատանքներուն՝ նախագահը նշած է, որ աշնանացանի համար եւս պետական ծրագրով գիւղնախարարութիւնը այս տարի անվճար կը տրամադրէ դիզելային վառելիք, հացահատիկի սերմ եւ պարարտանիւթեր:
«Ծանր փորձութենէն յետոյ մենք պէտք է շտկենք մեր մէջքը: Արցախը պիտի շարունակէ մնալ իր անկախ կարգավիճակի մէջ՝ ունենալով համայն հայութեան ու Ռուսաստանի Դաշնութեան գործուն աջակցութիւնը: Մեր լուսաւոր ու երաշխաւորուած ապագան կառուցելու համար պէտք է ուս-ուսի տուած առաջ նայինք»,- եզրափակած է Ա. Յարութիւնեան:
