image

Արցախի Պաշտպանութեան մարմիններ ներկայացուցին հակառակորդի երէկ խոցուած ԱԹՍ-ի բեկորները (Լուսանկարներ)

Արցախի Պաշտպանութեան մարմիններ ներկայացուցին հակառակորդի երէկ խոցուած ԱԹՍ-ի բեկորները (Լուսանկարներ)

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութիւնը ներկայացուցած է 21 ապրիլին՝ ժամը 13:07-ի սահմանին, պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներու կողմէ հարաւային հատուածին մէջ խոցուած անօդաչու թռչող սարքի մնացորդներու լուսանկարները:


 

Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնն «Արմէնբրես»-ին տեղեկացուցած էր. ««Վերջին շրջանին յաճախակի դարձած են ատրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտ զօրքերու շփման գիծին յարակից տարածքներու մէջ հակառակորդի օդային ուժերու կողմէ իրականացուող թռիչքները, որոնք կը կրեն ինչպէս ուսումնավարժական, այնպէս ալ հետախուզական բնոյթ: Յատկանշական է, որ նշուած գործողութիւններուն, բացի տարբեր տեսակի մարտական ինքնաթիռներէ եւ ուղղաթիռներէ, կը ներգրաւուին նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր, որոնք ի տարբերութիւն առաջիններուն, յաճախ կը փորձեն հետախուզական նպատակներով ներթափանցել Արցախի Հանրապետութեան օդային տարածք: Այդօրինակ փորձերէն մէկն ալ տեղի ունեցաւ այսօր՝ 21 ապրիլին: ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները, հաւաստանշելով ատրպէյճանական «ORBITER» տիպի անօդաչու թռչող սարքի մուտքը Արցախի օդային տարածք, բերուած են համապատասխան աստիճանի մարտական պատրաստականութեան եւ գրագէտ գործողութիւններու արդիւնքով՝ ժամը 13:07-ի սահմանին խոցած այն:

ԱՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական անգամ կը յորդորէ ատրպէյճանական կողմին ձեռնպահ մնալ սադրիչ քայլերէ ու նաեւ կը հաւաստիացնէ, որ որեւէ նախայարձակ գործողութիւն պիտի ստանայ արժանի պատասխան»: