ՊԲ ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն մէջ հակառակորդի կրակոցէն մահացած 19-ամեայ Սիփան Մելքոնեանը Կոտայքի մարզի Քասախ գիւղէն էր, տան միակ արու զաւակը: Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է Կոտայքի մարզպետ Ռոմանոս Պետրոսեանը:
«Սիփան Մելքոնեանը դիպուկահարի կրակոցից է զոհուել հենց մարտական յենակէտում, մեր մարզի Քասախ գիւղի զաւակ է, ընտանիքում միակ տղան է, քոյր ունի, ով կարծեմ ուսանողուհի է, հայրն էլ գիւղի դպրոցի պահակն է»,- ըսած է մարզպետը` նշելով, որ Սիփանն ալ ուսումը կիսատ թողած էր եւ մեկնած ծառայութեան:
Ռոմանոս Պետրոսեանը աւելցուցած է, որ զինծառայողի ընտանիքը վատ պայմաններու մէջ կ'պրի եւ մարզպետարանի ընկերային աջակցութեան ֆոնտի կողմէ ընտանիքին օժանդակութիւն պիտի յատկացուի:
Աւելի վաղ յայտնած էինք, որ 1 յունիսին՝ ժամը 07:30-ի սահմաններուն, հակառակորդի կողմէն արձակուած կրակոցէն մահացու հրազէնային վիրաւորում ստացած է ՊԲ հարաւարեւելեան (Մարտունի) ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկու ժամկէտային զինծառայող, 2000-ի ծնունդ Սիփան Սերժիկի Մելքոնեանը: