image

Արցախի մէջ արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է

Արցախի մէջ  արտակարգ դրութիւնը երկարաձգուած է

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան 11 յունիսին ստորագրած է hրամանագիր, որուն համաձայն` Արցախի Հանրապետութեան մէջ 2020 թուականի 12 ապրիլին յայտարարուած եւ մինչեւ 11 յունիս երկարաձգուած արտակարգ իրավիճակի ժամկէտը երկարաձգուած է 30 օրով` 11 յունիս 2020 թուական, ժամը 22:00-էն մինչեւ 11 յուլիս 2020 թուականը, ժամը 22:00-ը ներառեալ:

Այս մասին կը յայտնեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութենէն: