image
Հրատապ լուրեր:

Արցախեան սահմանին զոհուած է Արայիկ Սամուէլի Օրդուբեկեանը

Արցախեան սահմանին զոհուած է Արայիկ Սամուէլի Օրդուբեկեանը

Անցած գիշեր արցախեան սահմանին հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցին զոհ դարձած է 1997-ի ծնունդ՝ զինծառայող Արայիկ Սամուէլի Օրդուբեկեանը (2 սեպտեմբեր` ժամը 23:30): Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ‚ որ զոհուած զինուորը կը ծառայէր ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զորամասերէն մէկուն մէջ: 

ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ  ծառայութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Ազրպէյճան երէկ գիշեր զինադուլը խախտած է 30 անգամ՝ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 600 փամփուշտ։