image

Արա Օշական, Լեւոն Փարեան եւ Վահագն Թովմասեան Global Thinkers 2015 Մրցանակին Արժանացան

Արա Օշական,  Լեւոն Փարեան եւ   Վահագն  Թովմասեան   Global Thinkers 2015  Մրցանակին Արժանացան

Ամերիկահայ   3  արուեստագէտներ՝ Արա Օշական,    Լեւոն Փարեան եւ  Վահագն Թովմասեան Foreign Policy  հեղինակաւոր պարբերականի   Global Thinkers 2015 յատուկ մրցանակին տիրացան: Այս մասին գրած է Foreign  Policy  պարբերականը յայտնելով նաեւ, որ արուեստագէտները  իրենց տրամադրուած  մրցանակը ստացած են երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած  յատուկ հանդիսութեան մը  ընթացքին:  Թերթին  մէջ  լոյս  տեսած  տեղեկութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Օշական   եւ  իր ընկերները  մրցանակը  ստացած  են   Լոս Անճելեսի մէջ  տեղադրուած i Witness   («Կը Վկայեմ») նախագիծին համար, որուն նպատակն էր  «Պահպանել Ցեղասպանութեան մը պատմութիւն»ը: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ Օշական եւ Փարեան 20 տարիներու ընթացքին լուսանկարած են Հայոց Ցեղասպանութիւնէն  հարիւրաւոր վերապրածներու  դէմքեր  եւ   անոնց նպատակը եղած է  փրկել  հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Արա Օշական  խօսելով պարբերականին նկատել տուած է, որ     իրենց «գործը խորքին մէջ  յուշակոթող մը  մըն է  նուիրուած  այն մարդոց, որ  հակառակ       աղէտին վերապրեցան  եւ կերտեցին իրենց կեանքն ու համայնքները»: Ան  նաեւ յոյս յայտնած է, որ իրենց գործը  կը ցուցադրուի  Նիւ Եորքի Եւ Պոլսոյ մէջ: Նշենք, որ Արա  Օշական  եւ Լեւոն Փարեան լուսանկարողներ  են, իսկ  Վահագն Թովմասեան ճարտարապետ է, որ իր երկու գործընկերներուն հետ  համահեղինակած  է   Լոս Անճելեսի Grand Park-ին      մէջ տեղադրուած    արուեստի   I Witness նախագիծը: