Ամերիկահայ 3 արուեստագէտներ՝ Արա Օշական, Լեւոն Փարեան եւ Վահագն Թովմասեան Foreign Policy հեղինակաւոր պարբերականի Global Thinkers 2015 յատուկ մրցանակին տիրացան: Այս մասին գրած է Foreign Policy պարբերականը յայտնելով նաեւ, որ արուեստագէտները իրենց տրամադրուած մրցանակը ստացած են երէկ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին: Թերթին մէջ լոյս տեսած տեղեկութեան մէջ նաեւ կը նշուի, որ Օշական եւ իր ընկերները մրցանակը ստացած են Լոս Անճելեսի մէջ տեղադրուած i Witness («Կը Վկայեմ») նախագիծին համար, որուն նպատակն էր «Պահպանել Ցեղասպանութեան մը պատմութիւն»ը: Թերթը նաեւ կը նշէ, որ Օշական եւ Փարեան 20 տարիներու ընթացքին լուսանկարած են Հայոց Ցեղասպանութիւնէն հարիւրաւոր վերապրածներու դէմքեր եւ անոնց նպատակը եղած է փրկել հայոց ցեղասպանութեան պատմութիւնը: Արա Օշական խօսելով պարբերականին նկատել տուած է, որ իրենց «գործը խորքին մէջ յուշակոթող մը մըն է նուիրուած այն մարդոց, որ հակառակ աղէտին վերապրեցան եւ կերտեցին իրենց կեանքն ու համայնքները»: Ան նաեւ յոյս յայտնած է, որ իրենց գործը կը ցուցադրուի Նիւ Եորքի Եւ Պոլսոյ մէջ: Նշենք, որ Արա Օշական եւ Լեւոն Փարեան լուսանկարողներ են, իսկ Վահագն Թովմասեան ճարտարապետ է, որ իր երկու գործընկերներուն հետ համահեղինակած է Լոս Անճելեսի Grand Park-ին մէջ տեղադրուած արուեստի I Witness նախագիծը: