Արա Կիւլէրի նուիրուած տեսաֆիլմը մերժուած է Պոլսոյ «Ֆիլմի փառատօն»ին կողմէ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ թրքական «Ագշամ»ը: Թերթը նաեւ կը յայտնէ, որ այս մերժումը կը համարուի փառատօնի ժիւրիին անդամներուն կողմէ Կիւլէրի դէմ եղած որպէս Վէթոյի արտայայտութիւն: Ըստ աղբիւրին, Կիւլէրի՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը լուսանկարելը զայրոյթ պատճառած է Թուրքիոյ ընդդիմադիր շրջանակներու մտաւորակններուն մօտ, որոնցմէ են փառատօնի ժիւրիի անդամներէն շատերը: Նշենք, որ «Իսթանպուլի աչք»ը ֆիլմը, որ նուիրուած է մեծ վարպետին ցուցադրուած է տարբեր քաղաքներու մէջ եւ մեծ ընդունելութեան արժանացած: The Eye Of Istanbul Ֆիլմը պատրաստուած է թուրք բեմադրիչներ Պիննուր Քարաէվլիի եւ Ֆաթիհ Քայմաքի կողմէ: