image

Արա Կիւլէրի Նուիրուած Ֆիլմը Մերժուած Է Պոլսոյ Փառատօնին Կողմէ

Արա  Կիւլէրի   Նուիրուած    Ֆիլմը  Մերժուած  Է   Պոլսոյ  Փառատօնին Կողմէ

 Արա Կիւլէրի նուիրուած տեսաֆիլմը    մերժուած է   Պոլսոյ «Ֆիլմի  փառատօն»ին կողմէ: Այս մասին տեղեկութիւնը կը փոխանցէ   թրքական «Ագշամ»ը:  Թերթը նաեւ կը յայտնէ, որ այս մերժումը   կը համարուի  փառատօնի  ժիւրիին անդամներուն     կողմէ Կիւլէրի դէմ եղած որպէս Վէթոյի  արտայայտութիւն: Ըստ աղբիւրին, Կիւլէրի՝ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը  լուսանկարելը       զայրոյթ պատճառած   է  Թուրքիոյ ընդդիմադիր շրջանակներու  մտաւորակններուն  մօտ, որոնցմէ են  փառատօնի ժիւրիի անդամներէն շատերը:  Նշենք, որ «Իսթանպուլի  աչք»ը ֆիլմը, որ նուիրուած է մեծ վարպետին   ցուցադրուած է  տարբեր քաղաքներու մէջ եւ մեծ ընդունելութեան արժանացած:  The Eye Of Istanbul Ֆիլմը պատրաստուած է         թուրք բեմադրիչներ  Պիննուր Քարաէվլիի  եւ Ֆաթիհ Քայմաքի կողմէ: