image

Անծանօթ դիակ մը գտնուած է Պուրճ Համուտի մայրուղիին վրայ (Լուսանկար)

Անծանօթ դիակ մը գտնուած է Պուրճ Համուտի մայրուղիին վրայ  (Լուսանկար)

Ապահովական մարմիններ այսօր ազդանշան ստացած են Պուրճ Համուտի մայրուղղին վրայ գտնուած դիակի մը կապակցութեամբ: Լուրը յայտնած է «Ալ-նահար» լրատուական կայքը, նշելով նաեւ, որ դիակին վրայ գտնուած են կրակոցի հետքեր:

Կը հաղորդուի նաեւ, որ դիակը գտնուած է Պուրճ Համուտի մայրուղիին վրայ եւ անոր ինքնութիւնը կը մնայ անյայտ:   

Ապահովական մարմիններ դիակը փոխադրած են Պաապտայի կառավարական հիւանդանոց: