Այս երեկոյ Անգարան ցնգած պայթումը արդիւնք էր անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուած էր ականուած ինքնաշարժի միջոցաւ: Այս մասին լուր փոխանցող թրքական աղբիւրներ նաեւ կը յայտնեն, որ պայթումին հետեւանքով զոհուածներուն թիւը հասած է 25-ի իսկ վիրաւորներունը՝ 75-ի: Յիշեցնենք, որ պայթումը եղած էր Անգարայի «Քըզըլայ» կեդրոնական հրապարակին վրայ: Անցնող Փետրուարին պայթում մը եւս ցնցած էր Անգարան, որուն հետեւանքով զոհուած էին 28 օդաչու սպաներ: