image

Անգարայի Պայթումը Արդիւնք Էր Անձնասպանական Գործողութեան. Զոհերուն Թիւը Հասաւ 25-ի

Անգարայի Պայթումը Արդիւնք Էր     Անձնասպանական Գործողութեան. Զոհերուն Թիւը Հասաւ 25-ի

Այս  երեկոյ Անգարան ցնգած պայթումը արդիւնք էր անձնասպանական գործողութեան մը, որ կատարուած էր ականուած ինքնաշարժի միջոցաւ:  Այս մասին    լուր  փոխանցող   թրքական աղբիւրներ  նաեւ կը յայտնեն, որ պայթումին հետեւանքով    զոհուածներուն  թիւը   հասած է  25-ի իսկ վիրաւորներունը՝   75-ի:   Յիշեցնենք, որ պայթումը   եղած էր  Անգարայի «Քըզըլայ» կեդրոնական     հրապարակին   վրայ:  Անցնող Փետրուարին       պայթում  մը եւս ցնցած էր  Անգարան, որուն  հետեւանքով զոհուած  էին 28  օդաչու սպաներ: