Թուրքիոյ մայրաքաղաքին մէջ երէկ գիշեր սուրիացիներու պատկանող տուներ եւ խանութներ հրկիզուած են: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Անգարայի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ նշեց, որ դէպքը տեղի ունեցած է Անգարայի «Օնտէր» թաղամասին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ կրակի տրուած են խանութներ եւ բնակարաններ: Նախնական տուեալներով մարդկային կորուստներ չկան: Արձանագրուած են նիւթական հսկայ կորուստներ եւ մինչեւ այս պահը դէպքին ծալքերը կը մնան անյայտ: