Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանի տեղեկութիւններուն, Թուրքիա մերժած է ընդունիլ կամ ապաստան տալ «Ժապհաթ Ալ Նուսրա»ի առաջնորդ Ապու Մալէք Ալ Թալլին:
44 տարեկան «Իշխան»ին իսկական անունն է՝ Ժամալ Հուսէյն Զինիյէ։ Ան պատերազմէն առաջ կը զբաղէր թմրանիւթերու առեւտուրով: Ըստ տարբեր աղբիւրներու Թալլի Սուրիոյ եւ Լիբանանի սահմանային գիւղերու թմրեցուցիչի գլխաւոր վաճառականներէն կը ստանար թմրանիւթը, որպէսզի Սուրիա վաճառէր:
Ան նշանաւոր դարձաւ երբ «Հըզպալլա» կուսակցութիւնը, որ ներկայիս կը պայքարի ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ Լիբանանի Արսէլ քաղաքի մէջ, փորձեց բանակցիլ ահաբեկչական խմբաւորումներու գլխաւոր պատասխանատուներուն հետ, Լիբանանեան բանակի գերեվարուած զինուորներու փոխանակումը իրականացնելու ժամանակ:
Ըստ նոյն աղբիւրին Ալ Թալլի նկատելով, որ «Հըզպալլա» շատ արագ ձեւով գետին ցանկութիւն ունեցած է երթալու Թուրքիա սակայն՝ Անգարա չէ ընդառաջած վերջինիս փափաքին:
Ան աւելի վաղ մերժած է Իտլէպ տեղափոխուիլ, որ այժմ կը համարուի Սուրիոյ ընդդիմադիր- ահաբեկիչներուն գլխաւոր կեդրոնատեղի- քաղաքը:
Իսկ Իտլիպ չերթալուն պատճառը ըստ նոյն աղբիւրին Ալ Թալլէյի ունեցած 30 միլիոն տոլլարի ճակատագրին վերաբերեալ վերջինիս ունեցած մտավախութիւններն են: