8 տարիէի ի վեր Փարիզի մէջ մշակութային գործունէութիւն ծաւալող «Անաքօ» տափանաւը վտանգուած: Այս ասին կը կարդանք «Անաքօ»ի պատասխանատու մարմնին կողմէ հրապարակուած կոչին էջ, զորս ամբողջութեամբ կը հրապարակենք ստորեւ:
2009-էն ի վեր ԱՆԱՔՕ տափանաւը հիւրընկալած է հարիւրաւոր արուեստագէտներ եւ հազարաւոր այցելուներ՝ համերգներու, երաժշտական յանպատրաստից ծրագիր/խրախճանքներու (jam), ցուցահանդէսներու եւ դասախօսութիւններու շուրջ, համաշխարհային մշակոյթները դարձնելով ի պատուի։ Այսօր, տափանաւը կը գտնուի հսկայ վտանգի դէմ յանդիման։
Արդարեւ, Փարիզի քաղաքապետութիւնը այս տարի կազմակերպած է առաջարկներու մրցում մը (appel d'offre) վերաբաշխելու համար Վիլէթի աւազանի տեղերը։ Դժբախտաբար, ԱՆԱՔՕ տափանաւու ներկայացուցած թղթածրարը մերժուած է։ Յուլիսի սկիզբը ստացանք նամակ մը, ուր մեզի կը մաղթէին «Բարի երթ Փարիզէն»։ 2018 Յունուարէն սկսեալ մեր տրամադրութեան տակ որեւէ տեղ չունենալով՝ մեր գործունէութիւնը դադրեցնելու պարտաւորութեան առջեւ կը գտնուինք։
Փարիզի քաղաքապետարանի այս որոշումը կը նշանակէ վախճանը ընկերակցութեան մը, որու առաքելութիւնը եզակի է։
ԱՆԱՔՕ-ն՝ «համաշխարհային մշակոյթներու տափանաւը» անխոնջ աշխատանք տարած է անհետացման սպառնալիքի ենթակայ մշակոյթներու նուիրուած ծրագրեր կազմակերպելով եւ անոնց շուրջ հետաքրքրութիւն ստեղծելով։ Այսպէս, սկիզբէն ի վեր աւելի քան 75 երկիրներու մշակոյթներ ներկայացուած են ԱՆԱՔՕ տափանաւու ծրագրերով, ինչ որ առիթ ընծայած է այլուր դժուար գտանելի բազմամշակութային սքանչելի փոխանցումներու, երաժշտական եւ գեղարուեստական իւրայատուկ փորձառութիւններու։
ԱՆԱՔՕ տափանաւը նաեւ ստեղծագործութեան բացառիկ վայր մըն է։ Իր jam orientale-ները եւ jams bluegrass-ները (ամսական ձեռնարկներ) առիթներ հանդիսացան հանդիպումներու, յանկարծաբանութիւններու եւ երեւութապէս եզակի ստեղծագործութիւններու, jam-ը շատ ընդհանրացած ձեւ մը չըլլալով Ֆրանսայի մէջ։
Եւ վերջապէս, ԱՆԱՔՕ տափանաւը այն վայրն է, ուր ֆրանսահայ համայնքը կրցաւ ի մի գալ, տարածել իր մշակոյթը եւ իր պատմութիւնը։
Այս ամբողջ աշխատանքը այսօր վտանգուած է։ Եւ այս կացութիւնը ա՛լ աւելի ափսոսալի է, եթէ նկատի ունենանք, որ Փարիզի քաղաքապետութիւնը ԱՆԱՔՕ տափանաւուն եւ այլ անկախ տափանաւերու փոխարէն՝ նախընտրած է այնպիսի կազմակերպութիւններու (ի շարս որոնց հանրախանութներու ցանցի հսկայի մը) թեկնածութիւնները, որոնք արդէն բազմաթիւ վայրերու տէր են Փարիզի մէջ։ Անոնց մշակութային եւ գեղարուեստական առաքելութիւնը (եթէ իսկապէս ունին) բացարձակապէս պայմանաւորուած չէ Վիլէթի աւազանին մէջ տեղ մը ձեռք ձգելու հրամայականով։
Հետեւաբար, Փարիզի քաղաքապետութենէն կը պահանջենք վերատեսութեան ենթարկել իր որոշումը։ Անհրաժեշտ է, որ ԱՆԱՔՕ տափանաւը կարենայ շարունակել փոխանցման եւ ստեղծագործման իր առաքելութիւնը, ի տես այն գործօն եւ յօժար հասարակութեան, զոր ստեղծեց 2009-էն ի վեր։
Կազմ՝ ԱՆԱՔՕ տափանաւու
Նշենք, որ ԱՆԱՔՕ տափանաւու պատասխանատու մարմինը այս առթիւ կազմակերպած է ստորագրահաւաք մը, եւ փափաքողները ստորագրահաւաքին կրնան մասնակցիլ հետեւեալ լինքով ՝ https://www.change.org/p/mairie-de-paris-sauvons-la-p%C3%A9niche-anako