«Նոր Յառաջ»էն կը տեղեկանանք, որ Ուրբաթ օր, Յունուար 29-ին, Փարիզի Մշակոյթի Տան «Տէմիրեան» սրահին մէջ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» կոմիտէի, Հայ Մշակոյթի Տան եւ Նոր Սերունդի «Աւետիս Ահարոնեան» խումբերու կազմակերպութեամբ տեղը ունեցած է պատմաբան Անահիտ Տէր-Մինասեանի «Հայկական մրցադաշտը՝ պատերազմի եւ յեղափոխութիւններու միջեւ, 1878-1920» հատորին շնորհահանդէսը, որ լոյս տեսած էր «Քարթալա» հրատարակչատան կողմէ, Փետրուար 2015ին: Հանդիսութեան ներկայ գտնուած են Ֆրանսայի Թեմի Առաջնորդ Նորվան Արք. Զաքարեանը, միութիւններու ներկայացուցիչներ, մտաւորական շրջանակ մը եւ մեծ թիւով երիտասարդներ:
Բացման խօսքին մէջ «Արնմէն Գարօ» կոմիտէի ներկայացուցիչ Ժիրայր Մոմճեան նշած է, թէ 2016-ին եւ յաջորդ երկու տարիներուն գաղութի կազմակերպութիւնները իրենց աշխատանքները պիտի կեդրոնացնեն Հայաստանի պետութեան նուաճման 100 ամեակի նշման գործին վրայ: Այնուհետեւ խօսք առած է յարգելի պատմաբանը, որուն քաջածանօթ է ոչ միայն ֆրանսահայութիւնը, այլեւ՝ Հայաշխարհը: Ան ներկայացուցած է իր հատորը, որու մէջ փոքրիկ բաժին մը յատկացուած է նաեւ իր կեանքի անցած սեփական ճանապարհին: Սոյն պատմական հատորը յարգանքի տուրք կը մատուցէ 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերուն եւ «սուրի մնացորդացին», ինչպէս կը կոչէ հեղինակը:
Անահիտ Տէր-Մինասեան իր խօսքին մէջ յայտնած է, թէ այս հրատարակութիւնը Ցեղասպանութեան նուիրուած գործ մը չէ եւ հոն տեղ գտած ութ գլուխներէն միայն երկուքը՝ Վան (1915) եւ Մուշ (1915) յատկացուած են ոճիրին, նկատի ունենալով, որ Ֆրանսայի մէջ 100 ամեակին առիթով արդէն 67 հատորներ լոյս տեսած են ֆրանսերէնով: Ան յատկապէս ընդգծած է հայերէնով միայն մէկ գիրքի հրատարակութիւնը՝ Արփիկ Միսաքեանի «Տերեւներ դեղնած յուշատետրէ մը»:
«Հայկական մրցադաշտը՝ պատերազմի եւ յեղաթոխութիւններու միջեւ, 1878-1920» հրատարակութիւնը կը համախմբէ ութ մենագրութիւններ, որոնք ներդաշնակ գիծերով եւ ժամանակագրական կարգով իրարու կը կապուին: Շուրջ 40 պատմական իրադարձութիւններու ամփոփ պատկերը ներկայացնելէ ետք Ա. Տէր-Մինասեան որոշ զուգահեռներ գծած է անցեալի եւ ներկայի օրերու քաղաքական փոթորկոտ կեանքի անցուդարձերու միջեւ՝ Սուրիոյ պատերազմը, Միջին Արեւելքէն դէպի Եւրոպա կամ ընդհանրապէս Արեւմուտք գաղթականներու հոսքը, ծայրայեղականներու կողմէ քրիստոնեաներու հանդէպ հալածանքը, եւ այլն:
Ա. Տէր-Մինասեանի հատորը ձօնուած է իր ակդեմական գործընկեր փրոֆ. Ռիչըրտ Յովսհաննէսեանին, իսկ կողքին վրայ երեւցող Մշոյ Սուրբ Կարապետ Վանքի պատին մնացած խաչքարն ալ ինք լուսանկարած էր, երբ 2009-ին Երկիր կը գտնուէր:
Հանդիսութեան աւարտին հարց-պատասխաններու բաժինէն ետք հեղինակը մակագրած է իր գիրքը: