Միացեալ Նահանգներն ու Գերմանիան Թուրքիա գտնուող իրենց քաղաքացիներուն զգուշացուցած են Յուլիս 15-ի ռազմական յեղաշրջման փորձի տարելիցի կապակցութեամբ հաւանական միջոցառումներու եւ լարուած իրավիճակներու մասին։
Ըստ թրքական «Sozcu» թերթի կայքի՝ յատկապէս ԱՄՆ-ի դեսպանատունը ամերիկացիներուն կոչ ուղղած է ըլլալ զգօն եւ հեռու մնալ ցոյցերէ, ինչպէս նաեւ մարդաշատ վայրերէ։
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ իր քաղաքացիներուն դիմած է նմանատիպ կոչով, տեղեակ պահելով, որ Յուլիսի 15-ի կապակցութեամբ Թուրքիոյ մէջ նախատեսուած են ցոյցեր, հանրահաւաքներ եւ շարք մը այլ միջոցառումներ։ Գերմանիան իր քաղաքացիներուն խորհուրդ տուած է հեռու մնալ մարդաշատ վայրերէ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ Թուրքիոյ մէջ արտակարգ դրութիւնը դեռ առկայ է։
Յիշենք, որ 2016-ի յուլիսի 15-ի ուշ երեկոյեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ պետական յեղաշրջման փորձ՝ ռազմական ճանապարհով։ Սակայն, այդ յեղաշրջումը, յուլիս 16-ին ամբողջովին ճնշուեցաւ։ Ըստ պաշտօնական տուեալներու, օդուժի հարուածներով սկսած յեղաշրջման փորձի հետեւանքով զոհուած է 161 եւ վիրաւորուած է 1.440 մարդ: