Ամերիկեան «Financial Times» թերթը յօդուած մը հրապարակած է, ուր նշուած է, թէ ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ Իրանին ներկայացուցած է 12 պահանջներէ բաղկացած ցուցակ մը:
Փոմփէօ իր առաջին պաշտօնական ելոյթին մէջ անդրադառնալով Իրանի դէմ պայքարի երկրորդ հանգրուանին, յայտնած է, որ Թեհրանի դէմ յառաջիկային սահմանուելիք պատժամիջոցներն իրենց տեսակին մէջ դաժանագոյնը պիտի ըլլան:
Խօսքը ուղղելով Իրանի իշխանութիւններուն, ամերիկացի նախարարը իր երկրի ղեկավարութեան անունով 12 կէտերէ բաղկացած պահանջներու ցանկ ներկայացուցած է, որոնցմէ են Իրանի կողմէ միջուկային հրթիռներու արտադրութեան կասեցումը, ինչպէս նաեւ Իրանի մէջ բանտարկուած ամերիկացիներու ազատ արձակումը:
Պահանջներու շարքին տեղ գտած են նաեւ «Հըզպալլա»ի տրամադրուող օժանդակութիւնը դադրեցնելն ու սուրիական հողերէն իրանեան ուժերը դուրս բերելը: