image

ԱՄՆ նոր զինեալներ կը պատրաստէ Սուրիա ուղարկելու համար.Ի՞նչ է պատճառը

ԱՄՆ նոր զինեալներ կը պատրաստէ Սուրիա ուղարկելու համար.Ի՞նչ է պատճառը

Ռուսիոյ խորհրդարանի Միութենական խորհուրդի Պաշտպանութեան ու անվտանգութեան յանձնաժողովի նախագահի առաջին տեղակալ Ֆրանս Քլինցիւիչ յայտնած է, որ ամերիկացի զինավարժներու կողմէ ներկայիս Հասաքէ նահանգին մէջ նոր զինեալներ կը պատրաստուին, նպատակ ունենալով պայքարիլ ռուս զինուորներուն դէմ, որովհետեւ ԱՄՆ կը համարէ, որ Ռուսիա իր տարածքային-քաղաքական թշնամին է: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Քլինցիւիչ շեշտած է, որ ԱՄՆ նմանատիպ քայլի դիմած է ութսունական թուականներուն Աֆղանիստանի մէջ, երբ ահաբեկիչներ պատրաստելով Խորհրդային միութեան դէմ մղեցին:

Քլինցիւիչի կարծիքով, նման քայլով Թրամբ կը խուսափի Ռուսիոյ հետ դէմ յանդիման դուրս գալէ: