ԱՄՆ նախագահի թեկնածու, ծերակուտական Պէրնի Սանտըրզ կ'աջակցի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին բանաձեւին: Այսպիսով, ծերակուտական Ռոպըրթ Մենենտըսի կողմէ ներկայացուած բանաձեւին աջակցող օրէնսդիրներու թիւը հասած է 17-ի:
Բանաձեւը ԱՄՆ կառավարութեան կոչ կ'ընէ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն՝ Ցեղասպանութեան պաշտօնական ճանաչման եւ յիշատակման միջոցով: Այժմ բանաձեւը ներկայացուած է Սենատի միջազգային յարաբերութիւններու հարցերով կոմիտէին: