ԱՄՆ միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով յանձնաժողովը (USCIRF) բարձր գնահատած է ԱՄՆ Ներկայացուցիչներու պալատի ընդունած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը:
USCIRF-ի յանձնակատար Քրիսթինա Արիական յայտարարած է. «Մենք կ'ողջունենք այն փաստը, որ Քոնկրէսը որպէս «ցեղասպանութիւն» ճանչցաւ սարսափելի չարագործութիւնները, որոնք Օսմանեան կայսրութիւնն իր գոյութեան վերջին տարիներուն իրագործած էր հայերու եւ այլ կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ»:
Անոր խօսքով՝ Քոնկրէսի բանաձեւը կարեւոր եւ նշանակալի քայլ է զոհերը յիշելու համար:
Յանձնակատար Անուրիմա Պհարկաւան աւելցուցած է, որ ճանաչումը կարեւոր յիշեցում է այն մասին, որ նման վայրագութիւնները չեն սահմանափակուիր հեռու անցեալով: Ան յիշեցուցած է, որ վերջին տարիներուն մենք դարձանք ցեղասպանութիւններու վկաներ: «Միացեալ Նահանգները եւ անոր միջազգային գործընկերները պէտք է ցանկացած հնարաւորութիւն օգտագործեն, որ վճռականօրէն հակազդեն այդպիսի չարագործութիւններուն՝ ուր ալ եւ երբ ալ անոնք տեղի ունենան, եւ ձգտին զոհերու համար արդարութիւն ապահովել»,- յայտարարած է ան: