Ռուսիոյ Պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական խօսնակ Իկոր Քոնաշինքով յայտնած է, որ յետ այսու ոչ մէջ իմաստ, կամ անգամ պատրուակ չկայ ամերիկեան ուժերը Սուրիոյ մէջ պահելու համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Russia Today» լրատուական ցանցը:
Նախարարութեան խօսնակին համոզմամբ, Փենթակոն կը փորձէ խաբել միջազգային եւ ամերիկեան հանրութիւնը, այդ թուին նաեւ իր գերագոյն ղեկավարը, շեշտելով, որ ռուսական ուժերը Սուրիայէն դուրս բերելու մասին Ուաշինկթընի յայտարարութիւնը յստակ ապացոյց էր, որ վերջինս անտեղեակ է գործնական գետնի վրայ կատարուած իրողութիւններէն:
Ինչ կը վերաբերի Թրամբի յայտարարութիւններուն, թէ ԱՄՆ յաղթանակ տարաւ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դէմ, հետեւաբար անհրաժեշտ է ամերիկեան զօրքերը Սուրիա պահել, ռուս պաշտօնեան շեշտած է, որ այդ յայտարարութիւնը միջազգային հանրութիւնը խաբելու միտում ունի: