image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ հրթիռակոծած է Հոմսի մէջ սուրիական բանակին պատկանող օդակայանը

ԱՄՆ հրթիռակոծած է Հոմսի մէջ սուրիական բանակին պատկանող օդակայանը

Ամերիկեան ուժեր հրթիռային յարձակում մը գործած են Սուրիոյ բանակին պատկանող զինուորական օդակայանի մը դէմ: Այս մասին լուրը փոխանցեց «Ռօյթըրզ» լրատուական գործակալութիւնը նշելով, որ հինգշաբաթի ուշ գիշերին Tomahawk տիպի 59 հրթիռներ արձակուած են Հոմս քաղաքի «Շըհիրաթ» զինուորական օդակայանին ուղղութեամբ:

 

Հոմսի քաղաքապետը, որ դէպքէն ետք խօսած է «Ալ Մայատին» կայանին յայտնած է, թէ յարձակումէն ետք մեծ հրդեհ մը ծագած է օդակայանին մէջ եւ հրշէջ մեքենաներ ուղղուած են դէպքի վայր: Քաղաքապետը նաեւ ըսած է, որ ամերիկեան ուժերուն թիրախ դարձած օդակայանը կարեւոր դեր ունեցած է ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մղուած պատերազմին մէջ:

 

Հոմսի քաղաքապետը նշած է, որ գրոհին հետեւանքով մարդկային տոյժեր չկան, սակայն նիւթական վնասները մեծ են:

 

Ըստ CNN-ի այս գրոհը տեղի ունեցած է առ ի պատասխան Իտլիպ քաղաքին մէջ կատարուած քիմիական յարձակման, որ ըստ ամերիկայի պաշտօնական կարծիքին կատարուած է Սուրիոյ իշխանութիւններուն ձեռամբ: