Լիբանան- («Ալ-Շարք Ալ-Աուսաթ»- Լոնտոն)-Լիբանանեան դրամատուները խուճապի մատնուած են, ամերիկեան ժամկէտի աւարտի մօտեցումով եւ Ապրիլի վերջը պատժամիջոցներու նոր կանոնի գործադրման անցնելու փաստով: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Շարք ِլ-Աուսաթ», նշելով, որ ամերիկեան նոր պատժամիջոցներու օրէնքներ պիտի բանեցուին լիբանանեան այն դրամատուներուն եւ ֆինանսական հաստատութիւններուան վրայ, որոնք կը գործակցին «Հըզպալլա»ի հետ կամ կը մասնակցին անոր դրամ լուալու գործին:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս կապակցութեամբ վերջին ամիսներուն արձագանգելով ամերիկեան պատժամիջոցի օրէնքին, լիբանանեան դրամատուներէն ներս աշխուժ շարժում մը սկսած էր, ուր անոնք սկսած էին Լիբանանի կեդրոնական դրամատան հետ համագործակցութեամբ հսկայ քննչական աշխատանքներ իրականացնել, խիստ հաշուէքննութենէ անցնել բոլոր յաճախորդներու հաշիւները, ինչպէս նաեւ ստուգել բոլոր ծրարները, որոնք կրնային ամերիկեան պատժամիջոցի կանոնաթուղթի դատապարտման տակ գտնուիլ:
«Շարք Ալ-Աուսաթ»ի համաձայն, կառոյցներու ջանքերը այսքանով չէին ամփոփուած. Լիբանանեան դրամատուներու տէրերէ եւ երեսփոխաններէ կազմուած պատուիրակութիւն մը հերթական այցելութիւններ կատարեց Ուաշինկթըն, հաստատելոա համար լիբանանեան ֆինանսական հաստատութիւններու կառչածութիւնը միջազգային չափանիշներուն եւ օրէնքներուն: