Ամերիկայի գբնկրէսը նոր պատիժներ սահմանեց Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի , եւ Ռուսաստանի դէմ:
Գոնկրէսի 422 անդամներէն, միայն 3-ը չընդունեցին այս որոշումը:
Հաւանականութիւն կայ, որ այս քայլը զայրոյթ պատճառէ յատկապէս Ռուսաստանին եւ նոյնիսկ կարգ մը եւրոպական երկիրներուն որոնց ընկերութիւնները կ’օգտուին ռուսական ջերմուժի ոլորտէն: Նշենք որ այս ընկերութիւններն ալ պիտի ենթարկուին պատիժներու, եթէ Ամերիկեան գոնկրէսի նոր տնօրինումները պէտք է աւելի ուշ ներկայացուին ՝Սպիտակ Տուն, ուր կը սպասուի, որ վաւերացուին եւ գործադրութեան դրուին:
Իր կարգին Գոնկրէսի նախագահ՝ Բոլ Րայըն բացայայտեց, որ այս քայլը կը ճնշէ Ամերիկայի ամենավտանգաւոր թշնամիներուն եւ կ’երաշխաւորէ ամերիկացիներուն վտանգի չենթարկուիլը:
Նշենք որ գոնկրէսը մտադիր է պատիժներ սահմանել յատկապէս Ռուսաստանի վրայ, վերջինիս Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին միջամուխ ըլլալուն համար: