image

Ամերիկեան Գոնկրէսը, նոր պատիժներ սահմանեց Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի, եւ Ռուսաստանի դէմ

Ամերիկեան Գոնկրէսը, նոր  պատիժներ   սահմանեց   Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի, եւ Ռուսաստանի  դէմ

Ամերիկայի    գբնկրէսը   նոր   պատիժներ սահմանեց  Իրանի, Հիւսիսային Քորէայի , եւ Ռուսաստանի դէմ:

 Գոնկրէսի 422 անդամներէն, միայն 3-ը չընդունեցին այս որոշումը:

Հաւանականութիւն կայ, որ այս քայլը զայրոյթ պատճառէ յատկապէս Ռուսաստանին եւ նոյնիսկ կարգ մը եւրոպական երկիրներուն որոնց ընկերութիւնները կ’օգտուին ռուսական  ջերմուժի ոլորտէն: Նշենք որ այս ընկերութիւններն ալ պիտի ենթարկուին պատիժներու, եթէ Ամերիկեան  գոնկրէսի      նոր տնօրինումները   պէտք է  աւելի ուշ ներկայացուին ՝Սպիտակ  Տուն, ուր  կը սպասուի, որ վաւերացուին եւ գործադրութեան դրուին:  

  Իր կարգին Գոնկրէսի նախագահ՝ Բոլ Րայըն բացայայտեց,  որ այս քայլը կը ճնշէ Ամերիկայի ամենավտանգաւոր թշնամիներուն եւ կ’երաշխաւորէ ամերիկացիներուն վտանգի չենթարկուիլը:

Նշենք որ   գոնկրէսը  մտադիր է պատիժներ   սահմանել յատկապէս  Ռուսաստանի վրայ, վերջինիս Ամերիկայի նախագահական ընտրութիւններուն  ընթացքին  միջամուխ  ըլլալուն  համար: