image

Ամերիկացիք զայրացած են «Հըզպալլա»էն. Արդի՞ւնքը

Ամերիկացիք զայրացած են «Հըզպալլա»էն. Արդի՞ւնքը

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան պատասխանատուներ փակ խօսակցութիւններու ընթացքին յայտարարած են,որ ԱՄՆ ղեկավարութիւնը շատ դժգոհ է վերջերս իրականութիւն դարձած «Հըզպալլա»- «Տահէշ» համաձայնութենէն, որուն հիմքով «Տահէշ»ի մեծ  թիւով ահաբեկիչ զինեալներ ցամաքային ճանապարհով հեռացան դէպի Սուրիա:  

 Ըստ կայանին ԱՄՆ, որպէս առաջին արձագանգ այս զայրոյթին, մտադիր է «պատժել» լիբանանեան բանակը եւ վերադարձնել արդիական հրասայլեր, որոնք բանակին տրամադրուած էին սէուտական դրամաշնորհի մը միջոցով:  Կայանը նոյնպէս կը նշէ, որ բանակը այդ հրասայլերը օգտագործած էր վերջերս «Ռաս Պաալպէք»ի  մէջ եղած մարտերուն ընթացքին:

 

 

Այլ գետնի վրայ կան խօսակցութիւններ, որ այսօր երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Լիբանանի յատկացուած նիստին ԱՄՆ կրնայ խնդիրներ յարուցել կապուած Լիբանանի հիւսիսը տեղակայուած ՄԱԿ-ի  խաղաղապահ ուժերու (UNIFIL) տեղակայման ժամկէտին մէկ տարիով երկարաձգման խնդրին առընթեր: Մինչ Ռուսաստան եւ Փարիզ «գոհ» են ՄԱԿ-ի ուժերու պահուածքէն, մինչ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է, թէ խաղաղապահ ուժերը  լաւապէս չեն կատարար իրենց վրայ դրուած պարտաւորութիւնները: