Միացեալ Նահանգներու արտաքին գերատեսչութեան պատասխանատուներ փակ խօսակցութիւններու ընթացքին յայտարարած են,որ ԱՄՆ ղեկավարութիւնը շատ դժգոհ է վերջերս իրականութիւն դարձած «Հըզպալլա»- «Տահէշ» համաձայնութենէն, որուն հիմքով «Տահէշ»ի մեծ թիւով ահաբեկիչ զինեալներ ցամաքային ճանապարհով հեռացան դէպի Սուրիա:
Ըստ կայանին ԱՄՆ, որպէս առաջին արձագանգ այս զայրոյթին, մտադիր է «պատժել» լիբանանեան բանակը եւ վերադարձնել արդիական հրասայլեր, որոնք բանակին տրամադրուած էին սէուտական դրամաշնորհի մը միջոցով: Կայանը նոյնպէս կը նշէ, որ բանակը այդ հրասայլերը օգտագործած էր վերջերս «Ռաս Պաալպէք»ի մէջ եղած մարտերուն ընթացքին:
Այլ գետնի վրայ կան խօսակցութիւններ, որ այսօր երեկոյեան ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Լիբանանի յատկացուած նիստին ԱՄՆ կրնայ խնդիրներ յարուցել կապուած Լիբանանի հիւսիսը տեղակայուած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու (UNIFIL) տեղակայման ժամկէտին մէկ տարիով երկարաձգման խնդրին առընթեր: Մինչ Ռուսաստան եւ Փարիզ «գոհ» են ՄԱԿ-ի ուժերու պահուածքէն, մինչ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է, թէ խաղաղապահ ուժերը լաւապէս չեն կատարար իրենց վրայ դրուած պարտաւորութիւնները: