«Ipsos» հարցման կեդրոնի եւ «Globe News» լրատուական կայքի ձեռք բերած տուեալներուն համաձայն, ամերիկացիներու մեծ մասը վերջին առեւտրային վէճերու ծիրին մէջ աւելի շատ Գանատայի վարչապետ Ճասթին Թրուտուին կը համակրի, քան՝ ԱՄՆ նախագահ Թրամբին:
Հարցումներու արդիւնքով հաւաքուած տուեալներուն համաձայն, Ուաշինկթընի սահմանած տուրքերուն վերաբերեալ ԱՄՆ-ի եւ Գանատայի միջեւ ծագած վէճերուն մասին կարծիք յայտնելով, ամերիկացիներու 57 տոկոսը Թրուտուի վարած քաղաքականութեան կողմ քուէարկած է, 37 տոկոսը՝ Թրամբի, իսկ 6 տոկոսը հրաժարած է պատասխանելէ:
Ինչ կը վերաբերի գանատացիներուն, անոնց 72 տոկոսը իրենց վարչապետի վարած քաղաքականութեան կողմնակիցներ են, ու միայն 14 տոկոսը յայտնած է, որ ճիշդ կը գտնէ Թրամբի վարած քաղաքականութիւնը:
Զոյգ երկիրներու քաղաքացիները կիսած են այն կարծիքը, որ վերջերս ծայր առած վէճերն ու սպառնալիքները երկու երկիրներու յարաբերութիւնները կը խաթարեն:
Նշենք, որ հարցման մասնակցած են 1001 գանատացիներ եւ ամերիկացի 1005: