Ամերիկեան մէկէ աւելի աղբիւրներ օրերս գրած են, որ Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդը նպատակ ունի «Նոր բանակ» մը հիմնել Սուրիոյ մէջ: Խօսքը կը վերաբերի Սուրիոյ հիւսիսային հատուածներուն մէջ գտնուող քրտական ջոկատներու վերադասաւորման մասին:
Ըստ այդ աղբիւրներուն ԱՄՆ ազգային անվտանգութեան խորհուրդը այս առումով նախապատրաստած է դրամական նախահաշիւ մը, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի ներկայացուի երկրի Գոնկրեսին եւ ներառնուի 2019 թուականի պիւտճէի քննարկումներուն ու նախագիծին մէջ:
Ըստ շրջանառուած տեղեկութիւններուն այս «Նոր բանակ»ին համար պիտի կատարուի 300 միլիոն ամերիկեան տոլարի յատկացում մը նպատակ ունենալով հոգալ մինչեւ 65 հազարի հասնող բանակին բոլոր տեսակի պէտքերը:
Կը փոխանցուի նաեւ, որ քրտական ջոկատներէ բաղկացող այդ բանակին պիտի տրամադրուին ամերիկեան հեռահար հրթիռներ եւ արդիական զէնքեր:
Լուրին վերաբերեալ առաջին արաձագանգը տուած է Թուրքիոյ «Անատոլու» լրատուական գործակալութիւնը, որ նաեւ ամերիկեան քայլը համարած է «անընդունելի եւ վտանգաւոր» շեշադրելով Անգարայի պաշտօնական կեցուածքը քիւրտերուն մասին զանոնք կոչելով «ահաբեկիչ եւ PKK-ի ահաբեկչական խմբաւորման» շարունակութիւնը: