image

«Ալ Սըխնա»ն ճանապարհ կը հարթէ Տէր Զօր

«Ալ  Սըխնա»ն ճանապարհ  կը հարթէ Տէր Զօր

   Ալ Սըխնա  գաւառին  մէջ Տահէշի դէմ տարուած սպասելի յաղթանակէն   ետք Սուրիոյ  բանակը կը  պատրաստուի   բանալու Տէր  Զօրի ճակատը:

 Այս մասին  տեղեկութիւնը  կը փոխանցէ լիբանանեան  «Ալ Ախպար»ը նշելով նաեւ,  որ երկար   ժամանակէ ի վեր    պաշարման  տակ ինկած Տէր Զօրի ազատագրումը կարեւոր   կէտ  պիտի  հանդիսանայ,ոչ միայն  Սուրիոյ պատերազմի   վերջին զարգացումներուն ֆոնին, այլ նաեւ    ահաբեկչութեան  դէմ ընդհանուր պայքարի ծիրէն  ներս:

 Նոյն   խնդրին  անդրադարձած է Ռուսաստանի   պաշտպանութեան նախարար Զօր. Սէրկէյ Շոյկու,  որ դիտել տուած է,թէ  Տէր Զօրի ազատագրումը  մահացու հարուած  պիտի ըլլայ  «Տահէշ»ին:

  Յիշեցնենք, որ անցնող     երեք տարիներուն    Տէր  Զօրը  անցած է  «Տահէշ»ի տիրապետութեան տակ:

 

 Ըստ նախնական տուեալներու   դէպի Տէր  Զօր     զինուորական   գործողութիւնները Սուրիոյ բանակը պիտի սկսի  Քապապէճ նահանգէն:

 

  Նաւթով  եւ  տարբեր  բարիքներով  հարուստ այդ նահանգին  մէջ   ապրող  փոքրամասնութիւնները, որոնց  կարգին նաեւ  հայերը պայմաններու  բերումով  եւ իրենց ունեցուածքները  ձգելով  հեռացած են շրջանէն: