24 օրէ ի վեր պաշարման օղակի տակ գտնուող եւ Իտլիպի հիւսիսային հատուածին մէջ գտնուող Ալ Ֆուհա եւ Քֆրայա գաւառները իրենց վրայ եղած պաշարումը վերացնելու կոչ ըրին:
Անոնք պահանջած են իրագործել իշխանութեան եւ զինեալ խմբաւորումներու միջեւ եղած համաձայնութիւնը, տրամադրել անհրաժեշտ օժանդակութիւններ՝ սննդամթերք, դեղորայք եւ վառելանիւթ:
Նշենք, որ այս 2 գիւղերը 2015-էն ի վեր կը գտնուին պաշարման մէջ:
Ըստ առողջապահական աղբիւրներու վերոնշեալ գաւառներուն մէջ դեղորայքի սուր տագնապ գոյութիւն ունի: