image

Ականի պայթում Արսէլ շրջանին մէջ. Կան բանակի 5 վիրաւորներ

Ականի պայթում Արսէլ  շրջանին մէջ. Կան բանակի   5  վիրաւորներ

Ականի  պայթում  մը  գրանցուած է լիբանանեան  Արսէլ շրջանին մէջ: Ականը թիրախ ունեցած է բանակի  մարդատար  զրահապատ կառք մը  եւ պայթումին հետեւանքով լիբանանեան բանակի 5 զինուորներ վիրաւորուած են: Լրատուական աղբիւրներ կը յայտնեն, որ պայթումը եղած  է «Ալ Լապուէ» շրջանին  մէջ եւ  վիրաւորներուն  վիճակին մասին  տեղեկութիւններ չեն փոխանցուիր: Նշենք, որ Արսէլի  լեռնային  շրջանները  կը համարուին   Սուրիոյ պատերազմին մասնակից ահաբեկիչ  խմբաւորումներու ՝ Տահէշի եւ «Ալ Նուսրա»  ճակատի  հիմնական  կեդրոնատեղիներ: